ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՀԱՍԱՒ 1643-Ի

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհերու թիւը բարձրացաւ 1643-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ ներկայացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, դժբախտաբար, երէկ եւս 125 հոգի մահացած է քորոնաժահրի հետեւանքով։

Նոյնպէս երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 40 հազար 472 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 4 հազար 801 նոր վարակեալ։ Այսպէսով հիւանդներու ընդհանուր թիւը Թուրքիոյ մէջ բարձրացած է 74 հազար 193-ի։ Ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1854 հոգի։ Նախորդ օրուան բաղդատմամբ, նուազած են արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ հիւանդները, որոնց թիւն է 1040։ Երէկուան դրութեամբ 1415 վարակեալ եւս յաղթահարեց քորոնաժահրը։ Այսպէսով առողջացածներու թիւը բարձրացաւ 7 հազար 89-ի։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ օրը 40 հազար քննութեան կատարման շեմը յաղթահարուած է։ Վարակեալներու թիւի բարձրացումը կանխատեսուած մակարդակին վրայ է։ Խտացեալ խնամքի անհրաժեշտութեամբ հիւանդներու ընթացքն ալ հակակշռի տակ է։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ այս գիշեր դարձեալ փողոց դուրս գալու արգելք կը սահմանուի եւ այդ մէկը ի զօրու կ՚ըլլայ ամբողջ շաբաթավերջին։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020