ԿԱՐԵՒՈՐ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Ազգային ժողով, ուր պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս միջոցէ մը ի վեր կը գործէ յատուկ յանձնաժողով մը, որ կ՚ուսումնասիրէ 2016 թուականի ապրիլի սկիզբին Արցախի մէջ տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմը։ Այս ամբողջին մէջ Անդրանիկ Քոչարեանի կողմէ գլխաւորուած այս յատուկ յանձնախումբը կը լսէ քառօրեայ պատերազմի ժամանակ պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուած պետական գործիչները։ Բնականաբար, այս ամբողջին մէջ առանցքային դէմքն է նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ այցելեց խորհրդարան։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու վառ հետաքրքրութեան արժանացաւ այս իրադարձութիւնը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունէր նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին տեսակէտէ։
Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ խորհրդարանական յանձնաժողովի ծաւալած քննարկումը տեւեց հինգ ժամ։ Այս երկարաշունչ հանդիպման աւարտին Սերժ Սարգսեան դահլիճէն դուրս եկաւ եւ ամփոփ յայտարարութիւններ ըրաւ մամլոյ սպասաւորներուն։ Ընդհանուր արձագանգներէն կարելի է հետեւցնել, որ Սերժ Սարգսեան կարեւոր վկայութիւններ փոխանցած է խորհրդարանական յանձնաժողովին։ Նախկին նախագահը յայտարարեց, որ արդարացուած կը համարէ այս յանձնաժողովի հրաւէրին ընդառաջելու որոշումը։ Քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ որեւէ տեղեկութիւն չի փոխանցուիր հանրային կարծիքին։ Խորհրդարանական յանձնաժողովը երաշխաւորած է, որ այս երկարաշունչ հանդիպման տեսագրութիւնն ու ձայնագրութիւնը տրամադրուի Սերժ Սարգսեանին։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն հրաժեշտ առնելու ժամանակ Սերժ Սարգսեան լրագրողներուն խոստացաւ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած արտակարգ դրութեան աւարտին սարքել մասնաւոր մամլոյ ասուլիս մը։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ ասուլիսին ժամանակ բաց ձեւով պատասխանելու բոլո՛ր լրագրողներու բոլո՛ր հարցումներուն, անսահմանափակ ժամանակի մէջ։ Սերժ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ ապագային նման ասուլիսներով պատասխանել մամուլի հարցումներուն՝ ինչպէս ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասին, այնպէս ալ 2018 թուականի Հայաստանի իրադարձութիւններուն, տնտեսութեան, փտածութեան կամ այլ նիւթերու շուրջ։