ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԽՄԲԱՔԱՆԱԿԸ ՀԱՍԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Հայաստան կը շարունակէ ստանալ արտասահմանեան օժանդակութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ մը ունին Չինաստանի կողմէ Հայաստան ուղարկուած օժանդակութիւնները։ Այսպէս, վերջին օրերուն Չինաստանի օժանդակութիւններու երկրորդ խմբաքանակը հասած է Հայաստան։ Սա կարեւոր նշանակութիւն ունի համաճարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարը ազդու եւ արդիւնաւէտ ձեւով տեւականացնելու տեսակէտէ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան տեղեկացուց, որ 15 ապրիլին, պարետատան կազմակերպած արդէն երկրորդ յատուկ թռիչքով Չինաստանէն Հայաստան հասան քորոնաժահրի դէմ պայքարի համար անհրաժեշտ բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ:
Այսպէս, Հայաստան տարուեցան աւելի քան 87 հազար պաշտպանիչ բժշկական զգեստներ, 24 հազար բժշկական դիմակներ, 20 հազար KN95 պաշտպանիչ դիմակներ, 101 հեռահար ջերմաչափներ, բժշկական գործիքներ եւ քիմիական հումք՝ քորոնաժահրի ախտորոշման քննութեան սարքեր պատրաստելու համար:
Այս օժանդակութեան խմբաքանակի մեծ մասը ապահովուած է ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրին (WFP), Էտուարտօ Էօրնէքեանի ընկերութիւններուն, «Իմ քայլը» հիմնադրամին, «Իզմիրլեան» հիմնադրամին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, Սուրբ Սարգիս մարդասիրական հիմնադրամին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ այլ նուիրատուներու կողմէ տրամադրուած ելմտական միջոցներով:
Նոյն օդանաւով փոխադրուեցան նաեւ Հայաստանի պետական միջոցներով ձեռքբերուած կամ չինացի բարերարներու կողմէ նուիրուած բժշկական պարագաներ եւ սարքեր:
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ պիտի արտադրուին արհեստական շնչառութեան սարքեր։ Երկրի կառավարութիւնը 2020-ի պիւտճէին մէջ վերաբաշխում մը կատարեց եւ որոշեց առանց մրցոյթի` դրամաշնորհ յատկացնել Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարարութեան։
Այս որոշումով նախարարութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ նախատեսուած գումարէն արհեստական շնչառական սարքերու ստեղծման համար՝ գաղափարի, նախագծման եւ նմոյշի նախատիպի մշակման աշխատանքներ իրականացնելու ներկայ տարուան առաջին կէսին։ Նոյն ծիրին մէջ «Արդիւնաբերութեան միութիւն» կազմակերպութեան ալ առանց մրցոյթի՝ որպէս դրամաշնորհ պիտի տրամադրուի 90 միլիոն հայկական դրամ:
Բարձր փորձագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան նշեց, որ քորոնաժահրի դէմ պայքարի ծիրին մէջ, նախարարութիւնը սկիզբ տուած էր արհեստական շնչառական սարքերու ստեղծման գաղափարներու մասնագիտական ուսումնասիրութեան, նախագծման աշխատանքներու գործընթացի եւ ցարդ ստացած՝ 3 հարիւր դիմումներ եւ առաջարկներ: Ըստ իրեն՝ այս որոշումով կարելիութիւն պիտի ստեղծուի արհեստական շնչառութեան սարքերու ներքին պահանջը բաւարարելու, աջակցելու առողջապահական համակարգին։ Ան աւելցուց, որ 4-6 ամիսներու ընթացքին կարելի կրնայ ըլլալ հասնիլ արտադրական վիճակի եւ ունենալ աշխատող սարքեր: Այդ պարագային սարքերը շուկայական գինէն կրկնակի աժան պիտի ըլլան: Կը նախատեսուի արտադրել ամսական 40-50 սարք:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ խօսեցաւ, համաճարակի ընթացքին շուրջ։ Վարչապետի խօսքով՝ թէեւ կայ տեսակէտ, ըստ որու, եղանակը երբ սկսի տաքնալ, քորոնաժահրի համաճարակը անկում կրնայ ունենալ։ Բայց կրնայ ըլլալ, որ աշնան, ապա նաեւ ձմրան արձանագրուի վարակի ծաւալման աճ: Ուստի, Փաշինեան կարեւոր համարեց այս նախագիծը:
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանն ալ նոյն կապակցութեամբ դիտել տուաւ, որ եթէ նոյնիսկ համաճարակը անցնի, ապա այդ սարքերը պիտանի պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք ընթացքին շարքէ դուրս կու գան: