ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՈՒ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ

Ճատրակի աշխարհի հռչակաւոր վարպետ Լեւոն Արոնեան շաբաթավերջին կարճ կեցութիւն մը ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի ճատրակի միութեան ատենապետ Առնօ Կարապետեանի կողմէ, որ նոյնպէս ճատրակի սիրահար մըն է եւ երկար տարիներու բարեկամութիւն մը ունի Լեւոն Արոնեանի հետ։ Ծանօթ է, որ Լեւոն Արոնեան վերջին տարիներուն Հայաստանէն դուրս եկած է եւ մարզական գործունէութիւնը կը շարունակէ արտասահմանի մէջ։ Ան Իսթանպուլ հանդիպեցաւ՝ մրցաշարքի մը համար Ղազախիստան մեկնելու ճանապարհին։ Այսօր արդէն ան հրաժեշտ կ՚առնէ քաղաքէս։

Լեւոն Արոնեանի կարճատեւ այցելութիւնը թէ՛ անակնկալ եւ թէ պատուաբեր եղաւ համայնքային շրջանակներուն համար։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մէկտեղուեցաւ՝ Միջմիութենական ճատրակի մրցաշարքի մասնակիցներուն հետ։ Բաց աստի, Լեւոն Արոնեան քաղաքիս կարգ մը պատմամշակութային տեսարժան վայրերն ալ շրջեցաւ Առնօ Կարապետեանի ուղեկցութեամբ։ Ի լրումն այս բոլորին, Լեւոն Արոնեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ հետեւեցաւ «Կոմիտաս» ներկայացման։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023