ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿՐԱԿ ԲԱՑԱՒ ՍՈԹՔԻ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի։ Երէկ երեկոյեան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը դարձեալ կրակ բացին Հայաստանի սահմանի դիրքերուն վրայ։ Դէպքը պատահեցաւ ժամը 22.50-ի սահմաններուն։ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները այս անգամ թիրախաւորեցին սահմանի հիւսիսի Սոթքը։ Անոնք զանազան տրամաչափերով հրաձգային զինատեսակներով կրակեցին հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայկական կողմը բախումներուն հետեւանքով կորուստ մը չէ ունեցած։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս առաւօտ ժամը 10.00-ի դրութեամբ առաջնագծին վրայ իրադրութիւնը նորէն յարաբերաբար կայուն է։

Ճիշդ շաբաթ մը առաջ Ատրպէյճան սահմանի հարաւին՝ Տեղ գիւղի հայկական դիրքերուն վրայ կրակ բացած էր եւ այդ բախումներուն հետեւանքով երկու կողմերը կորուստներ կրած էին։

Դէպքերէն վերջ Մոսկուայէն հաղորդուած էր, որ Երեւան եւ Պաքու համաձայն գտնուած են ռուսական կողմի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները շարունակելու համար։ Յամենայնդէպս, այդ յայտարարութիւններէն վերջ որեւէ յստակ իրադարձութիւն տեղի չէ ունեցած։

Վերջին օրերուն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց մը։ Երեւան այցելած էր նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի խորհրդական Լուիս Պոնօ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023