Երկուշաբթի 20, Յունուար 2025
ԴՐԱԿԱՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ վերջին շրջանին տարակարծութիւններ եւ լարուածութիւն կը նկատուին տարածաշրջանային իրադարձութիւններու բերումով։ Նախարարներուն հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ այս համայնապատկերին վրայ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախարարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն վիճակը։
Պաքուէն տեղեկացուեցաւ, որ կողմերը յայտարարած են բանակցութիւնները շարունակելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային երկկողմանի այցելութիւններ իրականացնելու հաւանականութեան մասին։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023