ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Կը տեղեկանանք, որ այս ամսավերջին Մարսէյլի մէջ պիտի նշուի յոբելեան մը, որ յատկանշական է ո՛չ միայն ֆրանսահայութեան, այլեւ ամբողջ սփիւռքին տեսակէտէ։ Այսպէս, Մարսէյլի Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 45-ամեակը եւ կը պատրաստուի յոբելենական համերգով մը հանդէս գալ ապրիլի 28-ին։ Մարսէյլի պատմական սրբավայրերէն Ս. Վիքթորի Աբբայութեան մէջ նախատեսուած է ձեռնարկը։ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը հանդէս պիտի գայ՝ խմբավար Գարիկ Քիւրքճեանի մականին ներքեւ։ Ծանօթ է, որ այս երգչախումբը հիմնադրութենէն սկսեալ կրած է նախկին պոլսահայու մը՝ յայտնի խմբավար Խաչիկ Եըլմազեանի դրոշմը, որ մեծ եռանդ եւ անփոխարինելի ջանք գործադրած է անոր կայացման ուղղութեամբ։ Ներկայիս Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի առաքելութիւնը կը շարունակուի՝ երէց սերունդէ տաղանդաւոր անունի մը՝ Գարիկ Քիւրքճեանի գլխաւորութեամբ։

Յոբելենական համերգի ընթացքին Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբին առընթեր ծրագրին պիտի մասնակցին «Ազատ» եւ «Սասուն» համոյթները (գեղարուեստական ղեկավար Միշել Վէմեան) եւ «Գերամ» համոյթը (գեղարուեստական ղեկավար Սարգիս Էօրտէքեան)։

Կը նախատեսուի, որ այս ձեռնարկը արդարանայ ամէն տեսակէտէ՝ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի յոբելեանը արժեւորելու ճանապարհին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023