ԴԱԴԻՎԱՆՔԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՀԱՐՑԱԿԱՆ

Արցախի ամբողջական հայաթափումէն վերջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին գործունէութիւնը հետզհետէ կը սահմանափակուի։ Այս ծիրէն ներս ռուս խաղաղապահները հեռացած են պատմական Դադիվանքէն։ Հայկական լրահոսին մէջ երէկ արձագանգ գտաւ, որ ռուս խաղաղապահները փակած են իրենց դիրքը Քելպեճերի շրջանի Խուտավենկ (Շահումեան, Դադիվանք) վանքին մէջ։ Ապրիլի 15-էն ի վեր Դադիվանքը կը գտնուի Ատրպէյճանի ոստիկանութեան պաշտպանութեան ներքեւ։

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ, Արցախի Շահումեանի շրջանը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած էր։ Զուգահեռաբար ռուս խաղաղապահները տեղակայուած էին նաեւ Դադիվանքի մէջ։ Այժմ անոնք լքած են պատմական վանքը։

Հարկ է նշել, որ 2025 թուականի նոյեմբերին նախատեսուած է Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի առաքելութեան ժամկէտին աւարտը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024