ՇՈԼՑ-ԾԻՆՓԻՆԿ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց վերջին օրերուն բանակցութիւններ վարեցին Փեքինի մէջ։ Միջազգային աղբիւրները լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան այս բանակցութիւններուն։

Շի Ծինփինկ յայտնեց, որ Չինաստան-Գերմանիա համագործակցութիւնը կայուն կապերու երաշխիք է եւ հնարաւորութիւններ կը խոստանայ ապագայի համար։

Օլաֆ Շոլց արդէն երկրորդ անգամ Չինաստան այցելեց՝ որպէս Գերմանիոյ վարչապետ։ Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին իր գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ գտնուեցան թէ՛ կառավարութեան անդամներ եւ թէ գերմանական արդիւնաբերական կամ մեքենաշինական յառաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Շոլցին հետ էին Գերմանիոյ բնապահպանութեան, գիւղատնտեսութեան եւ հաղորդակցութեան նախարարները։ Բաց աստի, իրեն մասնաւորապէս ընկերացան՝ «Siemens»ի, «BMW»ի, «Mercedes-Benz»ի ներկայացուցիչները։

Փեքինի մէջ Շոլց Ծինփինկէն խնդրեց Ռուսաստանի վրայ ազդեցութիւն բանեցնել՝ Ուքրայնայի պատերազմի դադրեցման համար։ Արդարեւ, Փեքինի խօսքը կշիռ ունի Մոսկուայի մէջ։

Օլաֆ Շոլց ընկերային ցանցերու վրայ այս կապակցութեամբ կատարեց ամփոփ քննարկում մը, ուր նշեց հետեւեալը. «Չինաստանի խօսքը Ռուսաստանի մէջ կշիռ ունի։ Ուստի ես նախագահ Շիէն խնդրեցի ազդել Ռուսաստանի վրայ, որպէսզի Փութին վերջապէս աւարտէ իր խելագար արշաւը, դուրս բերէ իր զօրքերը եւ աւարտի այս սարսափելի պատերազմը»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024