ՖԻՏԱՆ ՔԱԹԱՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Տոհա, ուր կը հիւրընկալուի Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման էլ Սանիի կողմէ։

Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, Հաքան Ֆիտան Տոհայի մէջ կը շօշափէ Պաղեստինի կացութիւնն ու տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ Իրան-Իսրայէլ առկայ լարուածութիւնը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։

Հարկ է նշել, որ Քաթար Եգիպտոսի հետ միասին միջնորդի նուրբ դեր մը ստանձնած է Իսրայէլի իշխանութիւններուն եւ «Համաս»ի միջեւ՝ պատանդներու փոխանակման եւ հրադադարի հաստատման նպատակով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր վերջերս յայտնած էր, որ «Համաս» կը խոչընդոտէ հրադադարի բանակցութիւնները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024