Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՆՈՒԱՃՈՒՄ
Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի աւարտականը։ Այսպէս, 2017-2018 մարզական շրջանի բաժակակիր խումբը դարձաւ «Գանձասար-Կապան», որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ հասաւ նման նուաճումի։
Աւարտական խաղի ընթացքին «Գանձասար-Կապան»ի մրցակիցն էր «Ալաշկերտ» խումբը։ Խաղը եւ յաւելեալ ժամկէտը բաւարար չեղան որոշելու համար բաժակակիր խումբը։ 120 վայրկեան տեւած հաւասարութենէն վերջ հերթը հասաւ 11 մեթրնոց հարուածներուն (փենալթի)։ «Գանձասար-Կապան»ի խաղացողները այս փուլին գործեցին անթերի եւ յաջողեցան նուաճել Հայաստանի բաժակը։
Մրցման աւարտին «Գանձասար-Կապան»ի ամբողջ խումբը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ այս յաջողութեան բերումով։
Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018