ԵՄ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ

Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկրի՝ Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Ան համոզուած է, թէ նոր կառավարութիւնը յանձնառու կ՚ըլլայ ժողովրդավարական եւ բարեկեցիկ Հայաստան մը կերտելու ուղղութեամբ։ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական կայունութեան պահպանումն ու բարեփոխումներու գործընթացի յետագայ յառաջընթացը կը նպաստեն երկրի բարեկեցութեան եւ Եւրոպայի տեսակէտէ մեծ կարեւորութեան տէր Կովկասի տարածքաշրջանի կայունութեան», նշեց Պոյքօ Պորիսով, որ միեւնոյն ժամանակ ողջունեց Եւրոմիութեան հետ սերտ յարաբերութիւններ պահպանելու ուղղեալ Երեւանի քաղաքականութիւնը։ Հարկ է նշել, որ երէկ, Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցաւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հաւաքը։

Մինչ այդ Եւրոմիութիւնը վերահաստատեց ժողովրդավարական հաստատութիւններու բարեփոխման համար Հայաստանի ի նպաստ օժանդակութեան տրամադրումը։ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ Մարդու իրաւանց շուրջ երկխօսութեան ծիրէն ներս հերթական նիստն ալ տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն։ Սա այս երկխօսութեան 9-րդ փուլն էր, որու աւարտին ԵՄ վերահաստատեց պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանին ի նպաստ ելմտական ու թեքնիկ օժանդակութիւն տրամադրելու համար։ Սա անհրաժեշտ է ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց յետագայ ամրապնդման ուղղեալ բարեփոխումներու շարունակականութեան ապահովման տեսակէտէ։ Երէկ տեղի ունեցած ժողովը ԵՄ-Հայաստան ձեւաչափով առաջին հանդիպումն էր՝ Երեւանի ղեկավարութեան փոփոխութենէն վերջ։

Ի թիւս այլ հարցերու՝ կողմերը քննարկեցին ընտրական բարեփոխումներու, հաւաքներու եւ կամքի արտայայտման ազատութեան, սեռերու հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ աշխատանքային իրաւունքներու վերաբերեալ հարցեր։ Ընտրական բարեփոխումներու կապակցութեամբ Եւրոմիութիւնը առաջարկեց մինչեւ արտահերթ ընտրութիւնները փոփոխութիւն մտցնել օրէնսդրութեան մէջ եւ այդ մէկը համահունչ դարձնել միջազգային կազմակերպութիւններու առաջարկներուն եւ Հայաստանի յանձնառութիւններուն։

Ժողովի ընթացքին մատնանշուեցաւ, որ հաւաքներու ազատութիւնը համընդհանուր եւ հիմնարար բնոյթ մը ունի։ Եւրոպական կողմը ողջունեց վերջերս տեղի ունեցած բողոքի գործողութիւններու խաղաղ բնոյթը, ինչպէս նաեւ բոլոր կողմերու ցուցաբերած ընդհանուր զսպուածութիւնը։

Հայկական կողմը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը միջազգային չափանիշներու համապատասխան հակախտրականական համապարփակ օրէնս-դրութեան մը ընդունման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն հետ պիտի նախաձեռնէ խտացեալ հանրային լսումներու։ Երկխօսութեան վերջին ժողովները հնարաւորութիւն ընձեռեցին կազմակերպելու Հայաստանէ ներս մարդու իրաւանց վերաբերեալ կարծիքներու բաց ու շինիչ փոխանակում։ Իր կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան հաւատարիմ՝ ԵՄ երկխօսութեան այս փուլին ընդառաջ հանդիպած ու խորհրդակցած էր Հա-ըյաստանի եւ միջազգային քաղաքացիական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Հանդիպման արդիւնքով ընդունուեցան գործնական եզրակացութիւններ։

Բանակցութիւններու ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան։ Եւրոպական պատուիրակութիւնն ալ գլխաւորուեցաւ ԵՄ-ի արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար Տիք Շուպելի կողտ գործակցութիւնը Հայաստանի հետ։ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղած շնորհաւորականին մէջ ան ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Յունաստան ունին ամուր պատմական, կրօնական եւ մշակութային կապեր, անոնց երկկողմանի յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ բարեկամութեան, վստահութեան եւ յարգանքի վրայ։ Դարերու ընթացքին դժուարին պահերու մէջ այդ կապերը ամրացած եւ սերտացած են։ Այս հանգամանքը դարձած է երկու ժողովուրդները միաւորող անսասան հիմք մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018