ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Նախիջեւանի հրթիռները կրնան ոչնչացնել թշնամի որեւէ ռազմական թիրախ։ Սա Ատրպէյճանի ղեկավարին կողմէ Հայաստանին հասցէագրուած հերթական սպառնալիքներէն մին կը հանդիսանայ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երէկ Նախիջեւան կատարած այցելութեան ընթացքին Իլհամ Ալիեւ ըսաւ. «Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած արդի սպառազինութիւնը, ներառեալ հեռահար հրթիռները, ի զօրու են ոչնչացնելու թշնամիին պատկանող որեւէ ռազմական թիրախ»։

Այսպէսով Իլհամ Ալիեւ ապացուցանեց, թէ հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած պահելու իր քաղաքականութեան՝ շարունակական սպառնալիքներու եւ զինուորական գործողութիւններու ճանապարհով։

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018