ՆՈՅՆ ԽԱՂԵՐԸ

Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ, երէկ, Քնեսեթէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ՝ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղեալ նոր նախագիծ մը։ Կը հաղորդուի, որ բանաձեւը շրջանառութեան մէջ դնելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Սիոնական ճամբար» քաղաքական դաշինքի երեսփոխաններէն Իցիկ Շմուլի։ Ըստ «Ճերուզալէմ Փոստ»ի, այս նախագիծը շրջանառութեան մէջ դրուած է Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու նորագոյն լարուածութեան հետեւանքով։

Շմուլ մատնանշած է, որ Իսրայէլ մինչեւ այսօր կը խուսափէր ճանչնալէ հայոց ցեղասպանութիւնը՝ հակառակ, որ այդ պատմական փաստը արդէն ճանչցուած է 29 երկիրներու կողմէ։ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու վերջին օրերուն խիստ ոճով մը արձագանգած էր Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ արտայայտուած բուռն հակազդեցութեան։ Շմուլն ալ շարունակած է այդ ոճը։ Շմուլ հակասեմական որակած է Էրտողանը եւ իր քննադատութիւնները տարածած է նաեւ Սուրիոյ պարագային Թուրքիոյ կողմէ առնուած քայլերուն վրայ։ Ան Թուրքիան պատասխանատու համարած է ոչ միայն հայոց ցեղասպանութեան, այլ նաեւ ասորիներու դէմ պատմականօրէն կատարուած ոճրագործութիւններուն համար։

Քնեսեթէ ներս նոյն ուղղութեամբ օրինագիծ մը պատրաստած է նաեւ «Լիքուտ»ի երեսփոխաններէն Ամիր Օհան։ Իսրայէլի Կրթութեան նախարար Նաֆթալի Պենեթ նոյնպէս կոչ ուղղած է հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ։ «Հաարէթց» թերթի հաղորդումներով, Պենեթ տեղեկացուց, որ համապատասխան ակնկալութիւնով դիմած է Քնեսեթի նախագահին։

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները վերջին օրերուն դարձեալ ցնցումի շրջանէ մը կ՚անցնին։ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմի՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչումը, ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրումը եւ այդ բոլորին դէմ բողոքի դուրս եկած պաղեստինցի ցուցարարներուն վրայ Կազզէի մէջ Իսրայէլի զօրքերուն կողմէ կրակ բացուիլը պատճառ դարձած են ահաւոր լարուածութեան։ Այս իրավիճակին մէջ Անգարայի ղեկավարութիւնը ամենայստակ ձեւով բողոքի ձայն բարձրացնողներու շարքին է։ Ներկայիս երկու երկիրներու յարաբերութիւնները լարուածութեան այնպիսի աստիճանի մը հասած են, որ անոնք փոխադարձաբար ետ քաշած են իրենց դեսպանները։

Առկայ իրավիճակին մէջ, Իսրայէլի Գաղտնի սպասարկութեան հարցերու նախարար Իսրայէլ Քաց եւս ձայնը միացուցած է այն կոչերուն, որոնք կը պահանջեն հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Քացի խօսքերով, որեւէ պատճառ գոյութիւն չունի՝ որպէսզի Իսրայէլ այդ պատմական իրողութիւնը չճանչնայ։

Քնեսեթի այս իրադարձութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։

ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՋԱՆՔԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ եւս շարունակեց ահազանգ հնչեցնել Իսրայէլի դէմ։ Իր խօսքերով՝ պաղեստինցիներու դիմադրութեան Անգարայի կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը անհանգստութիւն կը պատճառէ Իսրայէլին։ Վերջին օրերուն Լոնտոն կատարած այցելութեան հետեւած լրագրողներուն հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան շեշտեց, որ «Համաս»ը չէ նկատած ու չի նկատեր ահաբեկչական կազմակերպութիւն։ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներուն վրայ կատարուած յարձակման շուրջ նախագահը երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ այլ շարք մը ղեկավարներու հետ։ Ան միեւնոյն ժամանակ երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Մահմուտ Վայիզին։

Էրտողանի տանտիրութեամբ վաղը Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտահերթ ժողովը։ Ենիգաբուի մէջ ալ նախատեսուած է բողոքի մեծ հանրահաւաք մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018