ԻՖԹԱՐԻ ԱՏԵՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Երէկ, ՄԱԿ-ի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երեքշաբթի հրթիռային յարձակման ենթարկուած է Հալէպի մօտակայքի Էլ-Նայրապ գաղթականաց ճամբարը։ Տմարդի այս արարքը տեղի ունեցած է ճիշդ իֆթարի պահուն։ Այդ ճամբարին մէջ մեծամասնութեամբ կը բնակին պաղեստինցի գաղթականներ։

Դէպքին հետեւանքով տասը հոգի զոհուեցաւ։ Այս շարքին կան նաեւ երեխաներ, որոնց ամենափոքրը 6 տարեկան էր։ Վիրաւորեալներուն թիւն ալ կը հասնի 30-ի։ Անոնցմէ ոմանց վիճակը ծանր է։

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2019