ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԹԱՓՈՎ

Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոսի 6-ին, Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» մարզադաշտին վրայ։ Իսկ օգոստոսի 17-ին խաղերու եզրափակիչ արարողութիւնը նախատեսուած է Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Այս տարուան Համահայկական խաղերը յոբելենական են, որովհետեւ կը նշուի անոնց 20-ամեակը։ 5-17 օգոստոսին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենան Համահայկական 7-րդ խաղերը։ Բացման արարողութիւնը եւ մրցումներու առաջին երեք օրերը նախատեսուած են Ստեփանակերտի մէջ, իսկ աւելի վերջ ծրագիրը պիտի շարունակուի Երեւանի մէջ։

Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան վերջերս այցելեց Արցախ, ուր տեղւոյն վրայ հետեւեցաւ նախապատրաստական աշխատանքներուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Համահայկական ամառնային խաղերուն պիտի մասնակցին սփիւռքի աւելի քան 35 հայաբնակ քաղաքներէն ներկայացուցիչներ։ Ծրագրին մաս պիտի կազմէ 17 մարզաձեւ։

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2019