ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՆՈՐ ՎԱՐԿԵՐ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Համաշխարհային դրամատան գործադիր տնօրէններու խորհուրդը վերջերս հաստատած է՝ Հայաստանի կենսական ճամբաներու ցանցի բարելաւման ծրագրին (#LRNIP) 13.4 միլիոն եւրօ լրացուցիչ գումար տրամադրելու իր որոշումը։ Այս գումարին շնորհիւ պիտի վերակառուցուին 61 քիլօմեթր երկարութեամբ գիւղական ճամբաներ: Ճամբաներու վերակառուցումը մարզային աւելի քան 60 հազար բնակիչներու հասանելիութիւն պիտի ապահովէ՝ շուկաներուն եւ ընկերային ծառայութիւններուն:

«Չնայած վերջին տասնամեակին տեսանելի բարելաւման՝ Հայաստանի ճանապարհներու 40 տոկոսը կը մնայ վատ վիճակի մէջ եւ գիւղական բնակչութեան մէկ երրորդի համար տարուայ բոլոր եղանակներուն ճանապարհը հասանելի չէ։ Երկրին մէջ կայ վերականգնման եւ պահպանման ուղղութեամբ զգալի ներդրումներու կարիքը։ Շուկաներու հետ սահմանափակ կապը եւ ճանապարհներու վատ վիճակը կը խոչընդոտէ գիւղական վայրերէ առեւտուրը, ինչ որ որոշ համայնքներու պարագային կրնայ յանգեցնել հնարաւորութիւններու զգալի կորուստի։ Ուստի, առեւտուրի խթանումը եւ տեղական արտադրութեան համար շուկաներու հետ կապի ստեղծումը գիւղերու մէջ աղքատութեան նուազեցման եւ երկրէն ներս տնտեսա-կան աճի խթանման գեր-խընդիրը կը մնայ», կը յայտնէ Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

«Կենսական լրացուցիչ ճամբաներու վերականգնումը պիտի դիւրացնէ աշխատատեղիներու, շուկաներու եւ այլ հիմնական ծառայութիւններու հասանելիութիւնը մարզերու աւելի քան 60 հազար բնակիչի համար», ըսած է Համաշխարհային դրամատան Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Սիլվի Պոսութրօ, աւելցնելով՝ «Գիւղատնտեսական առեւտուրի խթանման համար կենսական է գիւղական ենթակառոյցներու բարելաւումն ու պահպանումը։ Ան գիւղական տնտեսութիւններուն եւ փոքր ձեռնարկատիրութիւններուն կարելիութիւն պիտի ընձեռէ աւելի դիւրաւ եւ քիչ ծախսով իրենց մթերքը շուկայ հասցնելու՝ ատով դառնալով տնտեսական աճի եւ աշխատանքի ստեղծման խթան»։

Սոյն ծրագրի ընդհանուր ծախսը 16.75 միլիոն եւրօ է, որուն 3.35 միլիոն եւրոն իր վրայ կը վերցնէ կառավարութիւնը:

1992 թուականէն ի վեր Համաշխարհային դրամատան՝ Հայաստանի կատարած յատկացումներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ շուրջ 2 միլիառ 379.734 միլիոն տոլար:

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2019