ՏԵՍԼԱԿԱՆ ՈՒ ԵՐԱԶԱՆՔ

Երէկ, Նորսուլթան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ղազախիստանի տնտեսական տարեկան ֆորումը, որ 12-րդ անգամ կազմակերպուած է՝ մասնակցութեամբ զանազան երկիրներու, միջազգային կազմակերպութիւններու այժմու կամ նախկին ղեկավարներ, գործարար-առաջնորդներ, տնտեսագէտներ, որոնք քննարկումներ ծաւալեցին համաշխարհային տնտեսութեան միտումներուն եւ կլոպալ կառուցուածքային փոփոխութիւններուն շուրջ։

Ղազախիստանի նախագատ Քասըմ-Ճէօմերթ Թոքաեւի հրաւէրով՝ այս ֆորումին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ բացման լիագումար նիստի ատենախօսներու շարքին էր։ «Ամէն բան կը սկսի տեսլականէն, երազանքէն», ըսաւ այս առթիւ ան։ Ֆորումը կը կրէ՝ «Ոգեշնչող աճ. մարդիկ, քաղաքներ, տնտեսութիւններ» խորագիրը։

Նախագահ Սարգսեան Նուրսուլթանի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, բացի իր պաշտօնակից Թոքաեւէն, ան տեսակցեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէի եւ IMF-ի տնօրէն-կառավարիչ Քրիստին Լակարտի հետ։ Սարգսեան եւ Լակարտ անդրադարձան համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն։ Նախագահը կանգ առաւ Հայաստանը ելմտական կեդրոն մը դարձնելու գաղափարին վրայ։

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2019