ՏՔԹ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ ՏՆՕՐԷՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ՝ սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագրի մը տնօրէն նշանակուած է Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան:
«Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւն մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին:
«Ուրախ ենք որ Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան այս պաշտօնը ստանձնած է։ Նախապէս գործակցած ենք իր հետ մեր շարք մը նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս, ինչպէս «Արեւմտահայերէնը՝ 21-րդ դարուն» Օքսֆորտի եւ «Հայերը՝ 2115-ին» Լիզպոնի համաժողովներուն առթիւ», ըսաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան, աւելցնելով՝ որ իրենց արդիւնաւէտ գործակցութիւնը պիտի շարունակեն Լոնտոնի Հայ հիմնարկին եւ ծրագրի յանձնառու խումբին հետ:
Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյլ եւ Փասատենա), մայիս եւ յունիս 2018-ին, աւելի քան հազար հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Համապարփակ աւելի մեծ ծրագրի մը մաս կազմող այս փորձառական փուլը նպատակ ունէր պատկերացում մը տալ հայկական ժամանակակից սփիւռքին մասին:
«Մեր ուսումնասիրութեան արդիւնքները, որոնք տեղեկութիւններ կու տան հայ համայնքներուն մէջ առկայ հարցերուն եւ մտածողութեան եղանակներուն մասին, վստահաբար օգտակար պիտի ըլլան սփիւռքի մէջ գործող հաստատութիւններու եւ համայնքներու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մէջ քաղաքականութիւն մշակողներուն համար», նշեց Տքթ. Չիլինկիրեան:
Հետազօտութեան արդիւնքները եւ տեղեկութիւնները հասանելի պիտի ըլլան հասարակութեան եւ գիտաշխատողներու: 2018-ի ուսումնասիրութեան ամբողջական արդիւնքները շուտով հատորի մը մէջ պիտի հրատարակուին:
«Այս տարուան ծրագրի գործադրութեան համար գործի լծուած են միջազգային մասնագիտական խորհրդատու մարմին մը եւ գործադիր խումբ մը, որոնք՝ պատրաստած են ծրագրին մեթոտաբանութիւնը, հետազօտութեան միջոցները, աշխատանքներու նախապատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հարցախոյզներու տնօրինման եւ հաւաքուած տեղեկութիւններու մշակման եղանակները», բացատրեց Տքթ. Չիլինկիրեան, որ մասնագիտութեամբ ընկերաբան է եւ որուն գիտական ուսումնասիրութիւններու լուսարձակի տակ են շարք մը նիւթեր, ինչպէս՝ ինքնութեան, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու, կրօնի ու Միջին Արեւելքի հարցերն ու խնդիրները։
«Հայ սփիւռքի հարցախոյզ»ի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել ծրագրի կայքէջին վրայ: www.armeniandiasporasurvey.com