«ՊԱՏԻՒ ՈՒՆԻՄ» ԴԱՇԻՆՔ

Հայաստանի մէջ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, ներքին քաղաքական կեանքէն ներս իրադարձութիւնները կ՚ընթանան թափով։ Այս ամբողջին մէջ քաղաքական ուժերը կը ձեւաւորեն դաշինքներ՝ ընտրութեան մասնակցելու համար։ Վերջին օրերուն պաշտօնապէս ձեւաւորուեցաւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքը։ Այս վերջնոյն մաս կը կազմեն նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնը, որու առաջնորդն է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէններէն Արթուր Վանեցեան։

Երեւանի արուարձաններէն Առինջի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստորագրուեցաւ այն յուշագիրը, որով պաշտօնապէս հռչակուեցաւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքի կազմուիլը։ Յառաջիկայ ընտրութիւններուն այս դաշինքի ցուցակը պիտի գլխաւորուի Արթուր Վանեցեանի կողմէ։ «Պէտք է լաւ հասկնանք, որ կանգնած ենք պետականութիւն կորսնցնելու եւ նոյնիսկ բնաջնջուելու իսկական սպառնալիքի դէմ յանդիման, այդ սպառնալիքը յաղթահարելու միայն մէկ հնարաւորութիւն կայ՝ մէկտեղել մեր ժողովուրդի հնարաւորութիւններն ու կարողութիւնները», յայտնեց 41-ամեայ Արթուր Վանեցեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021