ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին։ Պաշտօնական այցելութեան շրջանակին մէջ, մայիսի 12-ին երկու վարչապետները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ անոնք շեշտեցին, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի գործընկերութիւնը տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման կարեւորագոյն երաշխիքներէն մին է։

Վարչապետներու զրոյցին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Երեւան եւ Թիֆլիզ հետամուտ են տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչ որ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համագործակցութեան զարգացման տեսակէտէ։ Ղարիպաշվիլի ընդգծեց, որ Վրաստան միշտ եղած է Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղ համագործակցութեան եւ խաղաղ համագոյակցութեան կողմնակից։ Վրացական կողմը ապագային եւս կը շարունակէ այդ ընթացքը։ Ըստ իրեն, Փաշինեանի հետ քննարկած են համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւնները։ Ան համոզուած է, թէ խտացեալ քաղաքական երկխօսութիւն մը պէտք է յառաջ տանիլ։

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ղարիպաշվիլի հանդիսացաւ Հայաստան այցելած ամենաբարձրաստիճան օտարերկրեայ պաշտօնատարը։

Հիւր վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան հարցերու շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ փոխկապակցուածութեան հարցերու։ Արա Այվազեան մատնանշեց, որ ուժի կիրառումը կը խոչընդոտէ հակամարտութիւններու կարգաւորումը եւ կը խաթարէ տարածքաշրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը։

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021