ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ԹԱՂԻ ՎԻՃԱԿԸ ԲՆԱԿԱՆՈՆ

Երուսաղէմի մէջ օրերէ ի վեր տեղի կ՚ունենան բախումներ։ Արիւնալի դէպքերու դրուագներ կը հասնին Սուրբ Քաղաքէն ու մերձակայքէն, ինչ որ ահազանգային կացութեան մը ծնունդ տուած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Իսրայէլի զօրքերու եւ պաղեստինցիներու միջեւ կը պատահին ընդհարումներ եւ միջազգային հանրութիւնը շարժման անցած է՝ այդ բոլորը ժամ առաջ կասեցնելու առաջադրութեամբ։ Անկախ ամէն տեսակ գնահատականէ, դիրքորոշումէ կամ քաղաքականութենէ՝ ինչպէս միշտ, այս ցաւալի համայնապատկերին վրայ հայաշխարհի հայեացքը առաջնահերթօրէն ուղղուած է հայ Երուսաղէմի վրայ։ Թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է հայոց թաղը, ի՞նչ կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։ Այս բոլորի կապակցութեամբ վերջին օրերուն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան, որու փոխանցած տեղեկութիւնները եկան մասամբ փարատել մտահոգութիւնները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դիւանապետ հայր սուրբը յայտնեց, որ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին եւ Պատրիարքարանի վիճակը սովորական է եւ անմիջական վտանգ մը գոյութիւն չունի։

«Դիւանի եւ կրթական հաստատութիւններու աշխատանքը սովորական ձեւով կ՚ընթանայ։ Եկեղեցական արարողութիւն-ները կը կատարուին՝ ըստ կարգի։ Ոչինչ չեղարկուած է։ Դէպքերը հայոց թաղէն հեռու են», նշած է Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան։

Ի լրումն այս բոլորին, դիւանապետ հայր սուրբը տեղեկացուցած է, որ սաղիմահայութեան անդամները որեւէ խնդիր չեն ապրիր, ոեւէ մէկը չէ վիրաւորուած կամ չէ մահացած, հայկական թաղամասէն ներս վախ կամ խուճապ չկայ, բայց եւ այնպէս, առկայ լարուածութեան հետեւանքով մտահոգութիւն յառաջացած է։

Մայիսի 7-ին յուզումները սկսան Երուսաղէմի մէջ։ Արաբ երիտասարդներու եւ Իսրայէլի ոստիկանութեան միջեւ անմիջապէս օր մը վերջ բռնկեցան բախումներ։ Դէպքերը գագաթնակէտին հասան յաջորդող երկու-երեք օրերուն աշխարհագրութեան տարածումով եւ օգտագործուած զինատեսակներով հանդերձ։ Զոհերու եւ վիրաւորներու շարքին կը գտնուին խաղաղ բնակիչներ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Իսրայէլի բանակը տեղեկացուցած է, որ ոչնչացուցած է «Համաս»ի հետախուզութեան յառաջատար դէմքերը։

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021