ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐԸ՝ ԱՆՎՆԱՍ ՓԻՍԻԿՆԵՐ

(…) Ելոյթ ունենալով խորհրդարանի մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան փաստացի իրեն եւ իր խումբին վերագրեց, որ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի երկու պալատները եւ նախագահ Ճօ Պայտըն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։ «Եթէ մենք չուզէինք, սա տեղի չէր ունենար», պնդեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ նախկին իշխանութիւնները ԱՄՆ-ի ղեկավարներէն կը խնդրէին, որ անոնք ցեղասպանութիւնը չճանչնան։ Ճիշդը ըսելով, կը կասկածիմ, որ թէ՛ այս երեք տարիներու ընթացքին եւ թէ անկէ առաջ մեր իշխանութիւնը լծակներ ունէր Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան վրայ՝ զայն համոզելու ընդունիլ կամ չընդունիլ ցեղասպանութիւնը։ Եթէ համոզելով ըլլար, ապա թող համոզէին ԱՄՆ-ը կամ Ռուսաստանը, որպէսզի այդ երկիրները կանխէին Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախի վրայ։ Բայց այս ամէնը, ի հարկէ, կը տեղաւորուի նախընտրական քարոզչութեան շրջանակին մէջ։ Իւրաքանչիւր իշխանութիւն ընտրարշաւի ժամանակ պէտք է «գլուխ գովէ»՝ նորմալ է։ Այստեղ կայ աւելի խորքային հարց՝ թշնամանքի մասին։ Իշխանութեան կողմէ կ՚առաջարկուի հետեւեալ բանաձեւը. այո, մենք թշնամիներ ենք, բայց այդ թշնամանքը պէտք է կառավարել։ Ես համացանցի վրայ զանազան լեզուներով «կուկըլեցի» «թշնամանքի կառավարում» բառակապակցութիւնը եւ որեւէ նորմալ բացատրութիւն չգտայ։ Հաւանաբար, սա, ինչպէս միշտ, «աննախադէպ» երեւոյթ է քաղաքագիտութեան կամ գուցէ մենեճմընթի տեսութեան մէջ։ Կը կարծեմ՝ խօսքը այն մասին է, որ հայկական եւ թրքական ազգերու միջեւ գոյութիւն ունի թշնամանք եւ ահա այդ զգացումը կամ անկէ բխած գործողութիւնները Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ձեւով մը կառավարէ։ Կ՚ենթադրեմ նաեւ, որ Փաշինեանի խումբը չի կրնար կառավարել թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու թշնամանքը մեզի դէմ եւ խօսքը հայերու թշնամանքի կառավարման մասին է։ Հաւանաբար, այդ կառավարումը կը սահմանափակուի Հայաստանի քաղաքացիներով, որովհետեւ պարզ չէ, թէ ինչպէս մեր իշխանութիւնը պիտի կառավարէ ամերիկահայու կամ լիբանանահայու թշնամանքը։ Այնուհետեւ, հարց կը յառաջանայ՝ թշնամանքի ո՞ր դրսեւորումները պէտք է սահմանափակուին եւ ինչպէ՞ս։ Սա պէտք է ըլլայ գրաքննութի՞ւն, ազատ խօսքի կամ գուցէ հաւաքներու ազատութեան սահմանափակո՞ւմ։ Եւ վերջին հարցը՝ իսկ ինչո՞ւ համար պէտք է այդ թշնամանքը կառավարել։ Պետական ո՞ր նպատակի համար։ Անձամբ ես դէմ եմ որեւէ թշնամանքի՝ նաեւ թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու հետ։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պետութիւնները ունին նպատակներ եւ ծրագրեր, որոնք տրամագծօրէն հակառակ են Հայաստան պետութեան, հայութեան նպատակներուն։ Մենք պէտք է այնքան ուժեղ ըլլանք, որ կարողանանք յառաջ տանիլ մեր ծրագրերը։ Այսքան բան։ Թշնամանքը հնարաւոր չէ կառավարել, փոխարէնը՝ հնարաւոր է հրահրել։

*

Ատրպէյճան ներխուժած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ Սա արձանագրելով՝ ես, կը յուսամ, խուճապ չեմ տարածեր, պարզապէս կը կրկնեմ վարչապետի պաշտօնակատարի ձեւակերպումը։ Իմ կարծիքով՝ սա հետեւանքն է մեր իշխանութիւններու թուլակամ, կրաւորական վարքագծի, Սիւնիքի մէջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ոչ-պատշաճ արձագանգի, «ամէն ինչ նորմալ է, սահմաններու ճշգրտում կ՚ընթանայ», մեղմ ըսուած, ոչ իրաւաչափ ձեւակերպ մը։ Յիշեցնեմ, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները այս ամբողջ ընթացքին սուր ձեւով կը հակադրուէին Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանին, երբ ան կ՚ահազանգէր Սիւնիքի մէջ Ատրպէյճանի բանակի գործողութիւններուն եւ զինքը կը մեղադրէին քաղաքականութեան խառնուելով։ Ամբողջ չորեքշաբթի օրուայ ընթացքին իշխանաւորներն ու անոնց երկրպագուները պիտակներ կը բակցնէին «յայտնի շրջանակներուն»՝ ժողովուրդի դէմ «մետիաահաբեկչութիւն» իրականացնելու համար եւ մեզ կը համոզէին, թէ հակառակորդը ոչ մէկ մեթր յառաջ գացած է։ Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան ակրեսիւ թոնով կը հակադարձէր բոլոր տեսակի մտահոգութիւններուն։ Ի վերջոյ, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը «հանգստացուց» ազգաբնակչութիւնը՝ այո, թշնամին մտած է Հայաստանի տարածք, բայց առանց որեւէ կրակոցի։ Ինչ խօսք, սփոփիչ է։ Հիմա, վստահ եմ, իշխանութիւնը արդարանալու համար պիտի կիրառէ իր հին եւ փորձուած զէնքը. այն բանին համար, որ Ատրպէյճանի զօրքը ներխուժած է մեր տարածքը, մեղաւոր են Սերժ Սարգսեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանը։ Հետաքրքրական է, տակաւին քանի՞ տարի պիտի գործէ այս բանը։ Այո, նախկին նախագահները կարելի է մեղադրել շատ բաներու մէջ, գուցէ նաեւ յանցագործութիւններու մէջ, եթէ ըլլայ դատարանի վճիռը։ Բայց երեք տարիէ ի վեր դուք էք իշխանութեան գլխուն։ Դուք ի՛նչ ըրած էք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները պաշտպանելու, մեր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Ենթադրենք, որ «նախկինները» ձեզ խաբած են, չարամտօրէն յանձնած են իշխանութիւնը, որպէսզի ձեզ խայտառակեն, պատերազմը «քցած» են ձեր գրպանը, եւ այլն։ Ենթադրենք, այս ամէնը ճիշդ է։ Բայց այդ պարագային դո՛ւք ինչո՞ւ համար իշխանութիւն էք, որ այդքան դիւրին կուլ գացիք այդ ամէնուն։ Երեք տարի ինչո՞վ կը զբաղէիք, բացի ակրեսիւ հռետորաբանութեամբ օդը ցնդելէ։

(…) Երբ խօսքը քաղաքական հակառակորդները «ասֆալթին փռելու» (ուղիղ եւ փոխաբերական իմաստով) մասին է, մեր իշխանաւորները «ասլան կը կտրին», բայց երբ գործը կը հասնի ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն, կը դառնան անվնաս փիսիկներ։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Համադրութիւն՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 12 եւ 14 մայիսի խմբագրականներու

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021