ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏԱՆ ՄԷՋ

Երեւանի Ճատրակի տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական հանդիպում մը։ Այսպէս, կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան մէկտեղուեցաւ այս մարզաձեւին հետամուտ պատանիներուն հետ։ Հոծ թիւով պատանի մարզիկներ փութացած էին այս ձեռնարկին մասնակցութիւն բերելու։ Այս առթիւ Լեւոն Արոնեան հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը, որուն ուշադրութեամբ հետեւեցան պատանիները, որոնք ձեռնարկէն վերջ ալ ջերմօրէն շրջապատեցին զինքը։

Լեւոն Արոնեան վերջերս պոռթկումով տեղեկացուցած էր, որ որոշած էր Հայաստանէն հեռանալ՝ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ ճատրակի ոլորտին նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութեան եւ աւելի՛ն՝ խոչընդոտող վերաբերմունքին հետեւանքով։

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021