ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԽԱՂ

Հարաւային Կովկասի մէջ ջուրերը չեն խաղաղիր։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ հերթական անգամ դէմ յանդիման եկած են Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւանի եւ Պաքուի տարաձայնութիւնները արդէն նոր հարթութիւն մը կը թեւակոխեն՝ ծայր աստիճան մտահոգիչ ու տագնապալի բնոյթով։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի զօրքերը վերջին օրերուն ներխուժեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս։ Մայիսի 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի բանակը ներթափանցած է Հայաստանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմաններէն։ Սա, առանց չափազանցութեան, կրակի հետ խաղ մըն է։ Երեւան պատահածները անհանդուրժելի ոտնձգութիւն կը համարէ՝ իր ինքնիշխան տարածքին դէմ։ Պաքու կը փորձէ բացատրել, որ իր զօրքերը եղանակի բարելաւման զուգահեռ՝ կը վերադիրքաւորուին իրենց իսկ պատկանող վայրերուն մէջ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը պնդէ, որ Հայաստան անհամարժէք կ՚արձագանգէ ստեղծուած իրավիճակին, որովհետեւ ներկայիս սահմաններու ճշգրտման գործընթացը կը շարունակուի, սահմանի վրայ որեւէ բախում տեղի չէ ունեցած, իրավիճակը կայուն է, իսկ բանակցութիւնները՝ ընթացքի մէջ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը 12 մայիսին պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը Սիւնիքի մարզի Վերիշէն գիւղէն 2 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ հասած են։ Այդ գիւղը Գորիս քաղաքէն 3 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ է։ Խօսքը կը վերաբերի Սեւ լիճի տարածքին, Իշխանասարի հատուածին։

Երեւանի ղեկավարութիւնը բուռն ձեւով արձագանգեց այս բոլոր իրադարձութիւններուն։ Այսպէս, Հայաստան վճռական է բոլոր միջոցները ձեռնարկել՝ ապահովելու համար տարածքային ամբողջականութիւնը։

Վերջին օրերուն Երեւանի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը իրերայաջորդ ժողովներ գումարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Ընդլայնուած կազմի նիստերու ընթացքին օրակարգի վրայ էր այս հարցը։ Կառավարութեան ժողովին ընթացքին ալ ծեծուեցաւ նիւթը, մինչ Հայաստանի արդէն լուծարուած խորհրդարանն ալ նիստի հրաւիրուեցաւ։

Նիկոլ Փաշինեան, որ իրադարձութիւնները որակած էր տագնապ, Անվտանգութեան խորհուրդի վերջին նիստին ժամանակ խօսեցաւ ամենաթարմ լուրերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, 12 մայիսէն ի վեր ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը կը մնայ անփոփոխ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատկան մարմիններուն միջեւ այս տագնապի յաղթահարման համար կը վարուին բանակցութիւններ։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի մասնակցութեամբ տեղի ունեցան վերջին բանակցութիւնները։ Լուրերը միշտ դրական են, սակայն գործնական փոփոխութիւն մը տեղի չ՚ունենար դաշտի վրայ։ Փաշինեան եւ ընդհանրապէս Երեւանի ղեկավարութիւնը կը պահանջեն, որ Ատրպէյճանի զօրքերը վերադառնան այն դիրքերը, ուրկէ դուրս եկած էին։ Կողմերու միջեւ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 19 մայիսին, մինչ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն միջեւ դիւանագիտական գետնի վրայ բուռն ջանքեր յառաջ կը տարուին։

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021