ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՔԱՔԱՖՈՆԻ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը Երեւանի մէջ երէկ իրականացուց իր համագումարը՝ 20 յունիսի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ։ Սա քոնկրէսի երրորդ համագումարն էր։ Յամենայնդէպս, դահլիճին մէջ համագումարի մասնակիցները այդ մէկը կը համարէին նաեւ 21-րդը։ Արդարեւ, Տէր-Պետրոսեան իշխանութեան գլուխ գտնուած տարիներուն կը գլխաւորէր Հայոց Համազգային շարժում կուսակցութիւնը եւ 2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ տեղի ունեցած էր անուանափոխութիւն մը։ Թէեւ նախկին անունով ուրիշ կուսակցութիւն մըն ալ գործել շարունակած էր, սակայն երէկուան համագումարով հերթական անգամ շեշտուեցաւ, որ Հայ ազգային քոնկրէսը Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ ինքզինք կը համարէ բնական իրաւայաջորդ։

Երէկուան համագումարի ընթացքին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի համագումարը Հայ ազգային քոնկրէսի նոր ղեկավարութեան վերապահէ՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու կամ չմասնակցելու վերջնական որոշումը։ Եթէ կուսակցութեան նորընտիր վարչութիւնը որոշէ ընտրութիւններուն մասնակցիլ, ապա ցուցակին գլուխը պիտի գտնուի Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։ Ըստ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Հայ ազգային քոնկրէսի խորհրդարանէ ներս ներկայութիւնը անհրաժեշտ է։ «Թէկուզ միայն այն պատճառով, որպէսզի համատարած քաքաֆոնիի մը մթնոլորտին մէջ, ինչպէս անգամ մը արդէն ըսած եմ, ողջախոհութեան ճրագը մեր երկրին մէջ չմարի», ըսաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։

Համագումարի ելոյթին ժամանակ Տէր-Պետրոսեան սուր քննադատութեան առարկայ դարձուց թէ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ թէ նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանը, որ կը պատրաստուի վերադառնալ իշխանութեան։ «Պարտութեան պատճառով մենք արժանացանք շատ մը երկիրներու կարեկցանքին ու խղճահարութեան։ Փաշինեանի կամ Քոչարեանի յաղթանակի պարագային՝ կ՚արժանանանք ամբողջ աշխարհի ծաղրուծանակին», ըսաւ առաջին նախագահը։

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021