ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կառավարութեան փոխ-վարչապետ Քուպաթ Թալապանի վերջերս այցելեց Երեւան։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան 14 մայիսին հիւրընկալեց Քուպաթ Թալապանիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Օր մը վերջ ալ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան տեսակցեցաւ հիւր փոխ-վարչապետին հետ։  Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցեր։ Առանձնայատուկ կարեւորուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ու պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ Արա Այվազեան բարձր գնահատեց Երեւանի Մատենադարանի եւ Էրպիլի Ասորական ժառանգութեան թանգարանին միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը՝ ձեռագրերու արդիականացման եւ վերականգնման շուրջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021