ՍՏԵՂԾՈՒԵՑԱՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ

Զբօ­սաշր­ջու­թեան հայ­կա­կան հիմ­նար­կին մէջ ստեղ­ծուե­ցաւ գի­տա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան բա­ժին մը։ Նիւ­թին շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Զբօ­սաշր­ջու­թեան հայ­կա­կան հիմ­նար­կի վե­րա­տե­սուչ Ռո­պէրթ Մի­նա­սեան, որ ը­սաւ, թէ յի­շեալ կա­ռոյ­ցը ստեղ­ծուած է Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պա­նա­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Ան այս առ­թիւ նշեց, թէ ա­ռանց գի­տու­թեան ան­կա­րե­լի է, որ զար­գա­նայ ո­րե­ւէ ո­լորտ, ինչ­պէս նաեւ զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, անհ­րա­ժեշտ է, որ նոր մօ­տե­ցում­նե­րով, նոր մտայ­ղա­ցում­նե­րով մար­դիկ ըլ­լան, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի մէջ զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­հանջ­նե­րուն։

Հայ­կա­կան Աստ­ղա­գի­տա­կան ըն­կե­րու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ Ա­րեգ Մի­քա­յէ­լեանն ալ նշեց, թէ աշ­խար­հի վրայ հա­զուա­գիւտ եր­կիր­նե­րու մէջ միայն կը զբա­ղին գի­տա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեամբ։ Օ­րի­նակ բե­րե­լով Բիւ­րա­կա­նի աստ­ղա­դի­տա­րա­նը՝ Ա­րեգ Մի­քա­յէ­լեան նշեց, որ թէեւ ան Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նա­շատ այ­ցե­լու ըն­դու­նող վայ­րե­րէն մէկն է, սա­կայն դուրս կը մնայ զբօ­սաշր­ջա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ու­ղե­ցոյ­ցնե­րէն։ Ան ը­սաւ, որ գի­տա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան թի­րա­խը պէտք է ըլ­լան ո՛չ միայն ար­տա­սահ­մա­նէ ժա­մա­նած հիւ­րե­րը, այլ նաեւ՝ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը։

Իսկ Ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան անդ­րա­դար­ձաւ դէ­պի հնա­վայ­րեր զբօ­սաշր­ջա­յին հոս­քե­րու ա­պա­հով­ման խնդրին։ «Մա­մու­լի մէջ եր­բեմն լու­րեր կը յայտ­նուին Հա­յաս­տա­նի այս կամ այն հնա­վայ­րին մէջ կա­տա­րուած հե­տաքրք­րա­կան յայտ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։ Ա­ռանց մեր հնա­գէտ­նե­րուն, ես ան­գամ պի­տի չայ­ցե­լէի Հա­յաս­տա­նի բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­շարժ վայ­րե­րը։ Այդ ա­ռու­մով շատ կա­րե­ւոր է զար­գաց­նել գի­տա­կան զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը, որ եր­կիր պի­տի բե­րէ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու նոր հոսք մը», ը­սաւ ան։

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2015