«ՄԱՍԻՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ՄԵԾԱՇՈՒՔ 35-ԱՄԵԱԿԸ

Սփիւռ­քի հա­յու­թեան ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի պահ­պան­ման եւ մեր գա­ղութ­նե­րը հա­յօ­րէն ապ­րեց­նող անհ­րա­ժեշտ հո­գե­ւոր սնուն­դի հայ­թայթ­ման գոր­ծին մէջ, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ դպրոց­նե­րու կող­քին, մեծ դեր կը կա­տա­րեն Սփիւռ­քի մէջ լոյս տես­նող հայ­կա­կան թեր­թե­րը ու մա­նա­ւանդ գա­ղա­փա­րա­կան եւ կու­սակ­ցա­կան մա­մու­լը։ Հայ գաղ­թօ­ճախ­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու, ձե­ւա­ւո­րե­լու եւ զա­նոնք նպա­տա­կաս­լաց կեան­քով ապ­րեց­նե­լու հա­մար, մղիչ դեր ու­նե­ցած են եւ կը շա­րու­նա­կեն ու­նե­նալ մեր թեր­թե­րը։

Շա­բաթ, Յու­նի­սի 4-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8-էն սկսեալ, ի­րա­նա­հա­յե­րու «Լու­դո­վի­կա եւ Յա­կոբ Այն­թապ­լեան» շքեղ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՍԴՀԿ­-ի շրջա­նիս պաշ­տօ­նա­թերթ՝ «Մա­սիս»ին 35-ա­մեա­կը։ Այդ օր ներ­կայ էին ՍԴՀԿ­-ի պա­տա­խա­նա­տու­ներ եւ ան­դամ­ներ, թե­միս բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան, նախ­կին ա­ռաջ­նորդ «Մա­սիս» թեր­թի հիմ­նադ­րու­թեան գըլ-խա­ւոր ճար­տա­րա­պետ­նե­րէն մին՝ Տ. Վա­չէ Արք. Յով­սէ­փեան, Հա­յաս­տա­նի Լոս Ալ­ճե­լը­սի մօտ գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սի տե­ղա­կալ Վա­լե­րի Մկրտու­մեան, հիւ­պա­տոս Ռազ­միկ Ստե­փա­նեան, հո­գե­ւոր հայ­րեր, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց եւ մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ըն­դար­ձակ սրա­հը լե­ցուն էր հան­դի­սա­կան­նե­րով, ո­րոնց մեծ մա­սը ե­րի­տա­սարդ­ներ էին։ Ա­նոնց­մէ շա­տեր հոս ծնած ըլ­լա­լով հան­դերձ, շատ հա­ճե­լի էր լսել ա­նոնց հա­յե­րէ­նա­խօ­սու­թիւ­նը։

Օ­րուան հան­դի­սա­վարն էր «Մա­սիս»ի աշ­խա­տա­կից եւ Նոր սե­րունդ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րութ Տէր-Դա­ւի­թեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ «Մա­-սիս» թեր­թի դե­րին եւ բե­րած նպաս­տին մա­սին։ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Տ. Սար­գիս Քհնյ. Փե­թո­յեան օրհ­նեց սե­ղան­նե­րը։ 

Թեր­թի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ մտա­ծու­մը ու­նե­ցած էր այս տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ռի­թով գնա­հա­տել «Մա­սիս»ի եւ մեր գա­ղու­թի ե­րեք նուի­րեալ­ներ. ա­ռա­ջի­նը յետ մա­հու գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցաւ սփիւռ­քա­հայ մե­ծա­նուն մտա­ւո­րա­կան, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ, Պէյ­րու­թի եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Շի­րակ» հրա­տա­րակ­չա­տան տէր եւ տնօ­րէն, եր­կա­րա­մեայ ու­սու­ցիչ, «Մա­սիս»ի ե­ռան­դուն աշ­խա­տա­կից, գիր­քե­րու հե­ղի­նակ, «Շի­րակ» հան­րա­ծա­նօթ եր­գա­րան­նե­րու հրա­տա­րա­կիչ՝ ող­բա­ցեալ Յով­հան­նէս Հան­նէ­սեա­նը։ Մե­ծա­րեա­լին գնա­հա­տան­քի տախ­տա­կը յանձ­նուե­ցաւ ներ­կայ ե­ղող տիկ­նոջ՝ Սօ­սի Հան­նէ­սեա­նին, ձե­ռամբ Գաբ­րիէլ Մո­լո­յեա­նի։ Մո­լո­յեան վեր ա­ռաւ հան­գու­ցեալ Յով­հան­նէս Հան­նէ­սեա­նի մեծ վաս­տա­կը, «որ սե­րունդ­ներ դաս­տիա­րա­կած է, ա­նոնց հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն ջամ­բած է եւ «Շի­րակ» եր­գա­րան­նե­րուն շնոր­հիւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի թրքա­խօս ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հա­յա­խօս դար­ձած է»։ Երկ­րորդ գնա­հա­տուողն էր գա­ղու­թիս «Եր­կիր եւ մշա­կոյթ» կազ­մա­կեր­պու­թեան նուի­րեալ­նե­րէն, հայ գի­րին, գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թին մե­ծա­պէս նպաս­տող եւ այդ գի­շեր «Մա­սիս» թեր­թի 35-ա­մեա­կի գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւոր Նա­զա­րէթ Գե­ւո­նեան։

ՍԴՀԿ­-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ Գրի­գոր Խո­տա­նեան շատ ջերմ եւ սի­րա­լիր խօս­քե­րով գնա­հա­տեց «Մա­սիս»ի վեր­ջին խմբա­գիր՝ Տքթ. Ար­շակ Գա­զան­ճեա­նը, ա­նոր տա­րած կա­մա­ւոր խմբագ­րա­պե­տի խղճա­միտ պաշ­տօ­նին հա­մար։ Տքթ. Գա­զան­ճեան իր կուռ եւ ո­գե­շունչ յօ­դուած­նե­րով, լայ­նա­խոհ եւ լայ­նա­միտ վա­րուե­լա­կեր­պով մեծ թի­ւով նոր աշ­խա­տա­կից­ներ հա­ւա­քեց «Մա­սիս»ի շուրջ։

Յա­նուն Հա­յաս­տա­նի հիւ­պա­տո­սու­թեան, շնոր­հա­ւո­րա­կան իր խօս­քը յայտ­նեց Վա­լե­րի Մկրտու­մեան, մե­ծա­պէս ար­ժե­ւո­րե­լով Սփիւռ­քի հայ մա­մու­լին ու մա­նա­ւանդ «Մա­սիս»ի տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։ Ա­պա, թե­միս բա­րեխ­նամ ա­ռաջ­նորդ՝ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան ու­նե­ցաւ սրտա­շարժ ե­լոյթ մը։ Ան գնա­հա­տեց «Մա­սիս»ին դե­րը այս գա­ղու­թին մէջ, զայն ո­րա­կե­լով որ­պէս «հե­ղի­նա­կա­ւոր եւ բա­րո­յա­կան ազ­դե­ցիկ թերթ մը մեր գա­ղու­թա­յին կեան­քէն ներս» եւ նմանց­նե­լով ոսկ­րա­ծու­ծի, որ կեանք կու տայ մեր հա­ւա­քա­կան մարմ­նին։ Սրբա­զա­նը նաեւ շնոր­հա­ւո­րեց այդ գի­շեր գնա­հա­տուող ե­րեք մե­ծա­րեալ ազ­գա­յին­նե­րը։

Խօս­քե­րու բաժ­նին յա­ջոր­դեց Նոր սե­րունդ մշա­կու­թա­յին միու­թեան պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն Փիւ­նիկ Մի­նա­սեա­նի շատ գե­ղե­ցիկ մե­նա­պա­րը։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ծա­նօթ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ՝ Կա­րի­նէ Տե­փո­յեա­նի եւ Քնար Պո­ղա­րեա­նի, ոչ մէկ ճիգ խնա­յած էին ներ­կա­նե­րուն ան­մո­ռա­նա­լի գի­շեր մը պար­գե­ւե­լու հա­մար։ Ճաշ­կե­րոյթ-տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Վա­չէ Յա­կո­բեա­նի ճոխ եր­գե­րուն եւ պա­րե­ղա­նակ­նե­րու կշռոյթ­նե­րուն տակ։

Նշենք, թէ «Մա­սիս» լոյս կը տես­նէ շա­բա­թա­կան դրու­թեամբ, երկ­լե­զու է (հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն), ու­նի իր կայ­քէ­ջը, քա­ղա­քա­կան, կու­սակ­ցա­կան յօ­դ-ւած­նե­րու կող­քին ծա­նօթ է իր ըն­կե­րա­յին, կեն­ցա­ղա­յին եւ այլ հե­տաքրք­րա­կան նիւ­թե­րով։

Ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք «Մա­սիս»ի ողջ անձ­նա­կազ­մը, գլխա­ւո­րու­թեամբ մեր սի­րե­լի Վա­հէ Ա­ջա­պա­հեա­նին՝ մաղ­թե­լով թեր­թին նո­րա­նոր տա­րե­դարձ­ներ։

ԽԱ­ՉԻԿ ՃԱ­ՆՈ­ՅԵԱՆ

«Նոր Օր»

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016