Շաբաթ 21, Դեկտեմբեր 2024
ԷՐՏՈՂԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ԶՈՒԳԱՀԵՌ ԿԱՌՈՅՑԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՐՈՍԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայիպ Էրտողան երէկ իֆթարի հաւաքոյթի մը ընթացքին մէկտեղուեցաւ անվտանգութեան համակարգէն պաշտօնեաներու հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ զուգահեռ կառոյցի՝ զայն որակելով դաւաճանութեան հրոսախումբ։
Նախագահը շեշտեց, թէ աշխարհի ամէն կողմ այդ կառոյցը կ՚աշխատի Թուրքիոյ դէմ։ «Ուր որ կ՚երթանք՝ զուգահեռ կառոյցի անդամները կը տեսնենք անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան, հայ հրոսախումբերու հետ ուս ուսի՝ մեր երկրին դէմ արարքներ կատարելու վրայ», ըսաւ Էրտողան։
Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016