ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Հնդկաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Եո­կեշ­վար Սանկ­վա­նի այս օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կը յանձ­նէ իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րը։ Ե­րէկ, ան ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ, ո­րուն յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րուն պատ­ճէ­նը։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը եւ դես­պա­նը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գա­յին շարք մը հար­ցե­րու շուրջ, անդ­րա­դար­ձան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­ման եւ մշա­կու­թա­յին փո­խա­նա­կում­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016