ՄԵՐԺՈՒՄԻ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական աղբիւրները հերթական անգամ հանրային կարծիքը լուսաբանեցին՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով կատարուած դատական նախաձեռնութեան ընթացքին կապակցութեամբ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած այս դատին կապակցութեամբ Արդարադատութեան նախարարութիւնը յստակեցուցած է իր դիրքորոշումը։ Այսպէս, նախարարութեան կողմէ մերժումի թելադրանք մը կատարուած է Բարձրագոյն դատարանին։ Այսինքն, Թուրքիոյ գործադիր իշխանութիւնները յանգած են այն եզրակացութեան, թէ ընթացք պէտք չէ տալ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման պահանջին։ Ըստ երեւոյթին, Սահմանադրական ատեանը յառաջիկայ շրջանին Արդարադատութեան նախարարութեան տեսակէտին համահունչ վճիռ մը պիտի արձակէ Անթիլիասի դիմումին շուրջ։ Թուրքիոյ մէջ այս գործընթացը կը հետապնդէ իրաւաբան Ճէմ Սոֆուօղլու՝ որպէս ներկայացուցիչը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Այսպէսով ուրուագծուած է այն հորիզոնը, թէ Անթիլիասի դիմումին ճակատագիրը կրնայ վճռուիլ տեսանելի ապագային։ Թէեւ տակաւին բոլոր վարկածները վերջնականօրէն չեն կրճատուած, սակայն հաւանական է, որ Թուրքիոյ մէջ ներքին հետապնդման ընթացակարգը արդէն աւարտի այսպէսով։ Հետեւաբար, ինքնաբերաբար օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ խնդրի միջազգային դատարանին մօտ քննարկման հեռանկարը՝ մանաւանդ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը առաջին իսկ օրէն կը բարձրաձայնէր իր մտադրութիւնը Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան դիմելու ուղղութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Անթիլիասի կայքէջին վրայ այս նիւթին առընչութեամբ փոխանցուած հաղորդագրութիւնը։
*
27 Ապրիլ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը։
Շուրջ հարիւր էջերու վրայ տարածուած դատական հայցը՝ պատմական, կրօնական, քաղաքական եւ օրինական տուեալներու հիման վրայ, յարակից փաստաթուղթերով եւ վկայութիւններով, կը պարզէր Սիսի կաթողիկոսարանի պատկանելիութիւնը, անոր դերը Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, Սահակ Բ. Կաթողիկոսին ու միաբանութեան պարտադիր հեռացումը Սիսի կաթողիկոսարանէն եւ անոր բռնագրաւումը պետութեան կողմէ։
Անցնող տարուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հարցազրոյցներուն եւ մտաւորականներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ճամբով, դատին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տրուած էին մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
Նկատի ունենալով դատին կարեւորութիւնը, Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը այս գծով ուզած է ունենալ Արդարադատութեան նախարարութեան տեսակէտը։ Արդարադատութեան նախարարութիւնը 11 Մայիս 2016 թուակիր նամակով, Սահմանադրական ատեանի իրաւասութեանց առընչուած շարք մը տուեալներէ ու պատճառաբանութիւններէ մեկնելով, թելադրած է մերժել իրեն ներկայացուած դատական հայցի քննարկումը: Ապա, Սահմանադրական ատեանը տասնհինգ օրերու պայմանաժամ տուաւ Կաթողիկոսութեան պատասխանելու Արդարադատութեան նախարարութեան մերժողագրին։
Արդարեւ, տասնհինգ օրերու ընթացքին, մեր իրաւական յանձնախումբի անդամները, հետեւողական ու մնայուն խորհրդակցութիւններէ ու քննարկումներէ ետք, պատրաստեց իր պատասխանը եւ 26 Մայիս 2016 թուականին փոխանցեց Սահմանադրական ատեանին։
Կաթողիկոսարանի պատասխանին մէջ պատմական ու իրաւական յստակ հիմնաւորումներով մերժուեցաւ Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցած անհիմն ու հակասական պատճառները եւ վերահաստատուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանը իր իրաւատիրոջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերադարձնելու պահանջքը։
Այժմ կ՚ակնկալուի, որ Արդարադատութեան նախարարութեան մերժողագրին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ անոր տրուած պատասխանին հիման վրայ Սահմանադրական ատեանը իր վճիռը արձակէ։
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յիշեալ դատը կը հետապնդէ իրաւական յանձնախումբ մը՝ բաղկացած թրքական դատական օրէնքի եւ ընդհանրապէս միջազգային ու յատկապէս Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի դատական ու դատավարական օրէնքներու մասնագէտ անձերէ։