ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի միջ­նոր­դու­թեամբ Եր­կու­շաբ­թի Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ պի­տի տե­սակ­ցին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ քննար­կում­նե­րը։ Թէ՛ Ե­րե­ւա­նէն եւ թէ Պա­քուէն այս հան­դիպ­ման ըն­դա­ռաջ կը հնչեն զա­նա­զան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ։ Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­տակ Զա­քա­րեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Սարգ­սեան-Ա­լիեւ մօ­տա­լուտ հան­դի­պու­մը բա­նակ­ցու­թիւն մը պի­տի չըլ­լայ բուն խնդրին վե­րա­բե­րեալ։

«News.am» կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան ընդգ­ծեց, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ հիմ­նա­կան նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ քննար­կել՝ ի­րենց մի­ջեւ նա­խա­պէս Վիեն­նա­յի մէջ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Զա­քա­րեան շա­րու­նա­կեց.

«Ա­նոնց ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ պի­տի փոր­ձենք հասկ­նալ Ատր­պէյ­ճա­նի դիր­քո­րո­շու­մը։ Յոյս չու­նինք, որ Ատր­պէյ­ճան շի­նիչ մօ­տե­ցում պի­տի ցու­ցա­բե­րէ եւ հեր­թա­կան ան­գամ պի­տի չխու­սա­փի Վիեն­նա­յի մէջ իր ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լէ։ Բայց այ­նուա­մե­նայ­նիւ Ռու­սաս­տա­նի միջ­նոր­դու­թեան պա­րա­գա­յին, կը կար­ծեմ, որ քննար­կում­նե­րը բնա­կա­նա­բար պէտք է ըլ­լան միայն կա­յուն հրա­դա­դա­րի դրու­թեան մը պահ­պան­ման շուրջ։ Այ­սինքն, այն հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ կնքուած է 1994 թուա­կա­նին, պէտք է ըլ­լայ բա­ցար­ձա­կա­պէս գոր­ծօն հա­մա­ձայ­նա­գիր մը»։­

Ար­տակ Զա­քա­րեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ այն դի­տարկ­ման, թէ ան­ցեալ ան­գամ հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րուած էր շփման գծին վրայ հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն մը հաս­տա­տե­լու շուրջ, սա­կայն այդ ա­ռու­մով տա­կա­ւին քայլ մը չէ կա­տա­րուած։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան ը­սաւ. «Շփման գծին վրայ դրու­թիւն­ներ տե­ղադ­րե­լու վե­րա­բե­րեալ պէտք է ըլ­լան քննար­կում­ներ, ինչ­պէս նաեւ դի­տարկ­ման կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման եւ հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­նե­րու տե­ղադր­ման ու կի­րառ­ման հար­ցե­րը պէտք է շօ­շա­փուին»։ 

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016