ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ԱՀԱԶԱՆԳ

Ե­րէկ, ԵԱՀԿ-ի Մշտա­կան խոր­հուր­դի 1105-րդ նիս­տին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ Հեր­թա­կան ան­գամ հար­ցը ար­ծար­ծուե­ցաւ ծան­րա­գոյն հե­տե­ւանք­նե­րով։ Այս առ­թիւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար դես­պան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան, որ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ Սու­րիոյ Հա­լէպ քա­ղա­քի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ կա­տա­րուած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց «Էլ Նուս­րա» ճա­կատ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ Հա­լէ­պի վրայ կա­տա­րուած վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ, ինչ որ պատ­ճառ դար­ձած է քա­ղա­քա­ցիա­կան բնակ­չու­թեան շրջա­նակ­նե­րէ ներս բազ­մա­թիւ զո­հե­րու։

Ար­ման Կի­րա­կո­սեան խստիւ դա­տա­պար­տեց Հա­լէ­պի քրիս­տո­նէաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րու կան­խամ­տա­ծուած ու հե­տե­ւո­ղա­կան հրթի­ռա­կո­ծու­մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով միայն հա­յաբ­նակ թա­ղե­րու մէջ զո­հուած ու վի­րա­ւո­րուած են տաս­նեակ խա­ղաղ բնա­կիչ­ներ եւ լուրջ վնա­սի են­թար­կուած է Ս. Եր­րոր­դու­թեան «Զուարթ­նոց» հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին, հայ­կա­կան ծե­րա­նո­ցը, պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ու գի­տակր­թա­կան նշա­նա­կու­թեամբ այլ շէն­քեր։

Դես­պան Կի­րա­կո­սեան շեշ­տեց, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րու Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն բարձ­րա­ձայ­նած է Սու­րիա­յէ եւ Ի­րա­քէ ներս գոր­ծող օ­տա­րերկ­րեայ ա­հա­բե­կիչ յար­ձա­կող­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս, «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն», «Էլ Նուս­րա», ինչ­պէս նաեւ «Էլ Քաի­տէ»ի հետ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նե­ցող ա­հա­բեկ­չա­կան այլ խմբա­ւո­րում­նե­րու խնդի­րը։ Ընդգ­ծուե­ցաւ, որ ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ա­նոնց շար­քին հայ­կա­կան հա­մայն­քը կը հան­դի­սա­նան այդ խմբա­ւո­րում­նե­րու ա­ռաջ­նա­յին թի­րա­խը։

Ար­ման Կի­րա­կո­սեան մատ­նան­շեց, որ վե­րո­յի­շեալ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­ւո­րում­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը լուրջ սպառ­նա­լիք կը ներ­կա­յաց­նեն ԵԱՀԿ-ի տա­րած­քաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թեան հա­մար։ Բռնի ծայ­րա­յե­ղու­թիւ­նը, ար­մա­տա­կա­նա­ցումն ու ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը թի­րախ կը դարձ­նեն ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, կը սպառ­նան ա­նոնց գո­յու­թեան Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէ ներս եւ ա­ռա­ւել կը սրեն ԵԱՀԿ-ի տա­րած­քէն ներս առ­կայ գաղ­թա­կա­նաց ճգնա­ժա­մը։ Կի­րա­կո­սեան յի­շե­ցուց, որ Հա­լէ­պի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը 1915-ի վե­րապ­րած­ներն են եւ 101  տա­րի վերջ այդ հա­մայն­քը դար­ձեալ կը պայ­քա­րի իր գո­յու­թեան հա­մար՝ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն ցու­ցա­բե­րուող անդր­սահ­մա­նա­յին ա­ջակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ։

Իր ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան յղում կա­տա­րեց ԵԱՀԿ-ի Պա­զե­լի ու Պելկ­րա­տի նա­խա­րա­րա­կան հռչա­կագ­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի շարք մը բա­նա­ձե­ւե­րուն՝ կոչ ուղ­ղե­լով բո­լոր մաս­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­ռանց ո­րե­ւէ նա­խա­պայ­մա­նի ի­րա­կա­նա­ցուին վե­րո­յի­շեալ փաս­տա­թուղ­թե­րով սահ­մա­նուած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի մէջ։  

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016