ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԾԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի «Կազփրոմ» բնական կազի հսկայական ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլերը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին յիշեցուց, որ ներկայ տարին յոբելենական է երկու երկիրներուն համար։ Արդարեւ, Հայաստան եւ Ռուսաստան կը նշեն իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը։ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ այդ 25 տարիները դարձած են բոլոր ուղղութիւններով երկու պետութիւններու դաշնակցային համագործակցութեան ամրապնդման ժամանակաշրջանը։ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան աշխուժօրէն եւ անոնց ամրապնդման ուղղութեամբ Սերժ Սարգսեան մեծապէս կարեւորեց «Կազփրոմ» ընկերութեան դերակատարութիւնը։ Ան բարձր գնահատեց Հայաստանի տնտեսութեան յառաջատար ընկերութիւններէն «Կազփրոմ Արմենիա»ի միջոցաւ երկրէն ներս ռուսական այդ խոշոր ընկերութեան կողմէ իրականացուած կամ ձեռնարկուած ծրագրերը, որոնք ուղղակիօրէն կ՚անդրադառնան նաեւ տնտեսութեան այլ ճիւղերու զարգացման վրայ։

Ալեքսէյ Միլլեր ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Սերժ Սարգսեանին եւ ներկայացուց իր ղեկավարած ընկերութեան ընթացիկ գործունէութիւնը։ Բաց աստի, ան անդրադարձաւ Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ կատարուած ներդրումներուն ու ձեռնարկուած զարգացման ծրագրերուն։ Այս ամբողջին մէջ Միլլեր մատնանշեց Հայաստանէն ներս «Կազփրոմ Արմենիա»ի միջոցաւ իրականացուող ներդրումային նախագծերը, որոնց շարքին կարեւոր տեղ ունին նաեւ ընկերային ծրագրերը։

«Կազփրոմ»ի վարչութեան նախագահը Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուց Երեւանի Ծարաւ Աղբիւրի փողոցին մէջ «Կազփրոմ Արմենիա»ի աջակցութեամբ իրականացուող խոշոր նախագծերէն մին, որ կը կոչուի «Կազ-փրոմը երախաներուն»։ Այս ծրագրի շրջանակներէն ներս կը կառուցուի ուսումնամարզական համալիրը, որու շինարարական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Բացառապէս ընկերային ուղղութեամբ այս նախագիծը բազմանպատակ հնարաւորութիւններով համալիր մը պիտի ապահովէ Երեւանի համար։ Այդ համալիրը մանկապարտէզի մը եւ դպրոցի մը առընթեր կ՚ունենայ լողաւազան, սահադաշտ, շարք մը մարզաձեւերու համար նախատեսուած սրահներ։ Ալեքսէյ Միլլեր հաւաստիացուց, որ մինչեւ յաջորդ տարեվերջ այս համալիրին կառուցման աշխատանքները պիտի հասնին իրենց աւարտին։

Կարեւորելով «Կազփրոմ» ընկերութեան ներկայացուցչական մակարդակը Հայաստանի տնտեսութենէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր ներգրաւուածութիւնը ձեռնարկուած ենթակառուցուածքային նախագծերուն մէջ՝ Սերժ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթեց ընկերութեան գործունէութեան համար եւ բոլոր ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Աշոտ Մանուկեանի հետ։ Այս վերջինը իրեն զեկուցեց սոյն ոլորտէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն, անոնց հիման վրայ ակնկալուած արդիւնքներուն, ընթացիկ ծրագրերուն եւ առկայ խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Աշոտ Մանուկեան մասնաւորապէս կանգ առաւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան ծրագրերուն եւ այդ ուղղութեամբ ձեռք առնուած միջոցներուն վրայ։ Նախարարը խօսեցաւ Իրան-Հայաստան եւ Հայաստան-Վրաստան ելեկտրահաղորդման բարձրավոլթ օդային գիծերու կառուցման ծրագրերու ընթացքին մասին։

Սերժ Սարգսեան յանձնարարեց աշխուժացնել աշխատանքները, հնարաւոր ամէն ինչ ընել մշակուած ծրագրերը սահմանուած ժամկէտերու մէջ աւարտելու համար։ Նախագահը համոզուած է, որ անոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին թէ՛ Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի անվտանգութեան եւ յուսալիութեան եւ թէ տարածքաշրջանային ծրագրերու մէջ երկրի ներգրաւուածութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Նոյն նիւթին կապակցութեամբ Աշոտ Մանուկեան զեկուցեց նաեւ բարձրավոլթ ելեկտրական ցանցերու ենթակայաններու նորոգման եւ արդիականացման լայնածաւալ ծրագրի իրականացման ընթացքին եւ ակնկալուած արդիւնքներուն մասին։

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ հայկական աթոմակայանի երկրորդ պլոքի շահագործման ժամկէտի երկարաձգման եւ արդիականացման ծրագրին։ Ան ներկայացուց ձեռնարկուած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ընելիքները։ Կարեւորելով աթոմակայանի շահագործման երկարաձգման ծրագիրը Սերժ Սարգսեան յանձնարարեց այդ մէկը պահել մշտական հսկողութեան տակ, պատշաճ ուշադրութիւն ցուցաբերել կայանի անվտանգութեան բարձրացման ուղղեալ միջոցառումներու որակին նկատմամբ։

Աշոտ Մանուկեան ներկայացուց նաեւ ոլորտի հեռանկարային (մինչեւ 2036 թուականը) զարգացման լրամշակման հայեցակարգի հիմնական դրոյցները։ Նախարարը զեկուցեց Հայաստանէ ներս «Կանաչ ուժանիւթի» զարգացման հեռանկարներուն մասին։ Այս ծիրին մէջ ան խօսեցաւ արեւէն, հովէն, ինչպէս նաեւ կենցաղային կոշտ թափոններու վերամշակումէն ելեկտրական ուժանիւթի ստացման ուղղութեամբ մշակուած ծրագրերուն մասին։ Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։

Սերժ Սարգսեան հետաքրքրութեան առարկայ դարձուց նաեւ այն բնագաւառները, որոնք զուրկ են կազամատակարարումէ։ Ան յանձնարարեց արագացնել այդ բնակավայրերու տնտեսութիւններու կենցաղային կարիքներու ապահովման այլընտրանքային տարբերակներու գնահատման աշխատանքները։ Նախագահը առաջնահերթ համարեց սահմանամերձ համայնքներու խնդիրներու արդիւաւէտ լուծման տարբերակները։

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017