ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ ՇՈՒՏՈՎ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը այս տարի կը կազմակերպուի 14-րդ անգամ։ 9-16 Յուլիս թուականներուն նախատեսուած է փառատօնը, որու ծիրին մէջ ժապաւէններու ցուցադրութիւններուն զուգահեռ նախատեսուած են վարպետութեան դասեր։ Փառատօնը այս տարի պիտի սկսի բեմադրիչ Համօ Բեգնազարեանի «Խասփուշ» գործի ցուցադրումով։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 14-րդ միջազգային փառատօնի մեկնարկին ընդառաջ Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան, գլխաւոր հովանաւոր «Վիվասել» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, փառատօնի գեղարուեստական տնօրէնուհի Սուսաննա Յարութիւնեան եւ ծրագրերու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեան։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սուսաննա Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ այս տարի կը լրանայ «Խասփուշ» ժապաւէնի 90-րդ տարին եւ այդ յոբելեանը նշանաւորելու համար «Ոսկէ ծիրան»ի ծրագիրը պիտի սկսի անոր ներկայացումով։ Իսկ փակման պիտի ցուցադրուի բեմադրիչ Ճօ Պերլինկէրի «Բնաջնջման մտադրութիւնը» գործը։

Միքայէլ Ստամբոլցեան ընդ-գծեց, որ փառատօնի մակարդակը մեծաւ մասամբ կախում ունի դատակազմի հեղինակութենէն եւ ծրագրերու գեղարուեստական որակէն։ «Մենք ամէն տարի կ՚աշխատինք, որպէսզի մեր դատակազմը բաղկացած ըլլայ հեղինակաւոր ստեղծագործողներէ։ Մասնակցի համար շատ կարեւոր է, թէ ո՛վ կը դատէ զինքը եւ որո՛ւ ձեռքէն ինք կը ստանայ իր մրցանակը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ միջազգային խաղարկային ժապաւէններու դատակազմը պիտի գլխաւորէ յայտնի բեմադրիչ Հիւ Հատսոն, որու գործերէն մին «Օսքար»ի արժանացած է չորս անուանակարգերու մէջ։ Վաւերագրական բնոյթով ժապաւէններու դատակազմը պիտի գլխաւորէ ամերիկացի բեմադրիչ Եուճին Քոր։ Իսկ «Հայկական համայնապատկեր» դասաւորման պարագային դատակազմը պիտի գլխաւորէ Դաւիթ Սաֆարեան։

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնը վերջին տարիներուն միշտ կ՚աշխուժացնէ Երեւանի մշակութային կեանքը եւ այս տարի ալ կ՚ակնկալուի նոյնը։ Աւանդական դարձած «Երեւանեան փրէօմիէրներ», «Յետահայեաց ցուցադրութիւններ» եւ «Յարգանքի տուրք» արտամրցութային ծրագրերն ալ այս տարի եւս պիտի շարունակուին՝ հանդիսատեսին եւ շարժանկարի սիրելիներու համակիրներուն ծանօթացնելով համաշխարհային գլուխ գործոցները։

Իր կարգին, Արմէն Ամիրեան համոզուած է, թէ այս փառատօնը կրնայ շատ մեծ դերակատարութիւն ունենալ Հայաստանի մէջ շարժանկարի զարգացման ուղղութեամբ։ «Փառատօնը մեր իրականութեան մէջ ոչ միայն շարժանկարի տօն մըն է, այլ նաեւ մշակոյթի, արուեստի եւ տրամադրութեան տօն։ «Ոսկէ ծիրան»ը ամէն տարի կը կարողանայ բերել ուրախութիւն, ջերմութիւն, պայծառ գոյներ մեր քաղաքին ու երկրին։ «Ոսկէ ծիրան»ը շարժանկարի զարգացման մեր պատկերացուցած հայեցակարգին մէջ կարեւորագոյն եւ լրջագոյն դերակատարութիւն պիտի ունենայ։ Այս փառատօնը հարթակ մըն է, ուր պէտք է շփումներ հաստատուին, մտքեր մշակուին, նաեւ գործնական ծրագրեր փոխանակուին շարժանկարի գործիչներուն, արտադրողներուն միջեւ, ներառեալ այն կազմակերպութիւնները, որոնք այս դաշտին մէջ լրջագոյն դերակատարութիւն պիտի ունենան Հայաստանի նոր զարգացող իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ», ըսաւ Արմէն Ամիրեան։

Նախարարը տեղեկացուց, որ փառատօնին համար պիտի տրամադրուի չորս շարժական դահլիճ եւ քաղաքի եօթ կէտերուն վրայ տեղի պիտի ունենան բացօթեայ ցուցադրութիւններ։

Ռալֆ Եիրիկեան ընդգծեց, որ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը անգնահատելի ազդեցութիւն մը կը գործէ հասարակութեան կեանքին վրայ։ «Կան իրադարձութիւններ, որոնք անգնահատելի ազդեցութիւն կը գործեն հասարակութեան կեանքին վրայ՝ կը ձեւաւորեն մտածելակերպ, կը ստեղծեն երկրի հեղինակութիւնը բարձրացնելու հնարաւորութիւն ու կը դաստիարակեն սերունդները։ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը այսպիսի իրադարձութիւններէն մին է։ Ան արդէն 14 տարիէ ի վեր դարձած է Հայաստանի համար այցեքարտ մը», ըսաւ Եիրիկեան։

Յարութիւն Խաչատրեան արտայայտուեցաւ այս տարուան փառատօնի նորութիւններուն մասին։ Ան յայտնեց, որ այս տարի փոխուած է փառատօնի պաշտօնական ազդագիրը։ Նոր ազդագիրը արտաքինով կը յիշեցնէ փառատօնի խորհրդանշանը՝ ծիրանը երկրաչափական մարմնի տեսքով։ Խաչատրեանի խօսքերով, իրենք կ՚աշխատին Երեւան տանիլ աշխարհի լաւագոյն ժապաւէնները։ Այս տարի Քանի փառատօնի եօթ-ութ լաւագոյն ֆիլմերը պիտի ցուցադրուին «Ոսկէ ծիրան»ի ծիրին մէջ։ Այս տարուան նորամծութիւններէն մին ալ եղած է՝ ժապաւէններու ընտրութեան հարցին մէջ հանդիսատեսին ալ ընդգրկումը։ Այն գործերը, որոնք բազմաթիւ ձայներու արժանացած են, պիտի ներկայացուին փառատօնի օրերուն։

«Ոսկէ ծիրան» 14-րդ փառատօնը աշխարհի 96 երկիրներէ ստացած է շուրջ 1100 դիմում։ Մրցութային եւ արտամրցութային զանազան ծրագրերու մէջ ընդգրկուած են աւելի քան 100 գործեր։

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ այս տարի Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ երեք աստղի բացում։ Այդ աստղերը ձօնուած պիտի ըլլան Ֆրունզէ Տովլաթեանի, Եուրի Երզինկեանի եւ Սէրկէյ Իսրայէլեանի։

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017