ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2018-2019 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ ՎԿԱՅԱԿԱՆ ՍՏԱՑԱՒ

2018-2019 կրթական շրջանը Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ եզրափակուեցաւ խանդավառ հանդէսներով։ Տարեվերջին կազմակերպուեցաւ դպրոցի աւանդական փառատօնի շաբաթը։ Նոյն ծիրին մաս կազմեցին անգլերէնի եւ գիտութեան փառատօները։ Բոլոր ծրագրերն ալ այնպէս մը նախատեսուած էին, որ դպրոցի ամբողջ աշակերտութիւնը ունեցաւ իր մասնակցութիւնը։

Երկու փուլերով կեանքի կոչուեցաւ գիտութեան փառատօնը, որու տեւողութեան տղաքը երկու տասնեակ նիւթեր ներկայացուցին։ Դպրոցի համակարգիչի աշխատանոցէն ներս ալ ներկայացուեցան անցեալ աշխատանքային շրջանի աշակերտներուն կողմէ կատարուածներուն արդիւնքները։ Փառատօնը ընդգրկեց նաեւ մրցոյթ մը, որու մէջ կային թուաբանութեան, գիտութեան եւ ընդհանուր գիտելիքներու վերաբերեալ հարցումներ։ Մրցոյթին դափնեկիրը հանդիսացած խումբին մաս կազմեցին՝ Նարէ Քիւլէկէչ, Արտէն Գահվէճիօղլու, Լորին Ելեկէն եւ Տենիզ Արտա Քիւչիւքսվաճը։

Անգլերէնի փառատօնն ալ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Նոյնպէս բոլոր դասարաններէ աշակերտներ մասնակցութիւն բերին ծրագրին։ Խմբերգներով, թատերախաղերով, պարերով ու մրցումներով տղաքը թէ՛ ստեղծեցին ոգեւորութիւն եւ թէ գնահատանքի արժանացան իրենց անգլերէնի հասած մակարդակով։

Փառատօնի ծրագիրը եզրափակուեցաւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գնահատանքի խօսքով։

Սոյն փառատօնին առընթեր Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս տարեվերջի խանդավառութիւնը բնորոշուեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսով։ Այսպէս, Գատըգիւղի ընտանիքը ընթացաւարտ դասարանին հրաժեշտ տուաւ յուզումնախառն զգացումներով եւ անկեղծ խրախուսանքով։

Շրջանաւարտից հանդիսութեան սկիզբին տղաքը ներկայացուցին թատերախաղ մը, որ պատրաստուած էր հայերէնի ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլուի կողմէ։ Ծրագիրը շարունակուեցաւ անգլերէն երգերով եւ թրքերէն թատերախաղով մը։ Ալիք Աթաօղլու ծափահարութիւններու արժանացաւ կիթառի նուագներով։ Մարզական ձեւաչափի մէջ ներկայացուած պարերէ վերջ տղաքը հանդէս եկան խմբերգներով։

Մինչ շրջանաւարտները բոլորով շարուեցան բեմին վրայ, անոնց ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց դասարանի ուսուցչուհի Փելին Կիւնտողտու։ Ընթացաւարտներուն անունով արտայայտուեցաւ Լարա Սուրէնեան։ Պելինտա Էօզտեմիրն ալ թարգման հանդիսացաւ ծնողներու զգացումներուն։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու, դպրոցի փոխ-տնօրէնուհի Հաթիճէ Ատանըր եւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։

Շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները՝ ձեռամբ պատուոյ հիւրերուն, որոնց շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, նախկին հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժիրայր Ճանկէօզեան, որոնց առընթեր վկայականներ յանձնեցին նաեւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, ուսուցչուհի Փելին Կիւնտողտու եւ ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչքին։ Շրջանաւարտներուն յանձնուեցան նաեւ յուշանուէրներ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։ Բացօթեայ այս հաւաքոյթի պատրաստութիւնները տեսնուած էին ծնողներու կողմէ։ Շրջանաւարտները ջերմօրէն շրջապատուեցան բոլորին կողմէ՝ կրթական կեանքի մէջ ապագայ յաջողութեան բարեմաղթանքով։

Երկուշաբթի, Յունիս 17, 2019