ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՔԻԹԵՐԸ

Ինչո՞ւ եգիպտական արձաններու շատերու քիթերը կոտրած են։

Եգիպտական արձաններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող հետազօտողներու կարծիքով՝ արձաններու քիթերու կոտրած ըլլալը թերեւս ժամանակի ընթացքին քայքայման հետեւանք է: Սակայն այդ մէկը աւելի խոր պատճառներ ունի։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին CNN-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է եգիպտաբան Էտուըրտ Պլէյպերկ: Ան վկայակոչած է բազում քաղաքական, կրօնական, անձնական եւ քրէական դրդապատճառներ վանտալիզմի գործողութիւններու կապակցութեամբ: «Հարկ է նշել, որ հին եգիպտացիները հզօր ուժային յատկանիշներ կը վերագրէին մարդկային կերպարանքին: Անոնք կը հաւատային, որ աստուածութեան էութիւնը կրնայ բնորոշել անոր պատկերը, կամ, պարզապէս մահկանացուներու պարագային, այդ հանգուցեալ մարդու հոգիի մէկ մասը կրնայ բնակութիւն հաստատել իր արձանի մէջ: Վանտալիզմի դրսեւորումները արձաններու հանդէպ, հետեւաբար, նպատակ ունէին անջատել պատկերի ուժեղութիւնը տուեալ մարդէն», ըսած է գիտնականը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020