ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՂՋԵՐՈԻԻ ԾՆՈՒՆԴԸ…

Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ լոյս աշխարհ եկած է եւրոպական եղջերու մը։ Այսպէս, Երեւանի կենդանաբանական այգիին մէջ յունիսի 15-ին ծնած է եւրոպական եղջերուներէն երրորդը՝ Ալիսան։ Ըստ կենդանաբանական այգիի պատասխանատուներուն՝ 2020 թուականին ծնած է չորս եղնիկ՝ մէկը բծաւոր՝ Պամպին եւ երեքը եւրոպական՝ Ֆելինը, Անահիտն ու Ալիսան։

«Մուֆլոններու ընտանիքին մէջ ծնած է տասն ձագուկ, իսկ այծերու մօտ՝ չորսը։ Յառաջիկային պիտի ունենանք նաեւ բազում ծնունդներ», նշած է կենդանաբանական այգիի պատասխանատուն։

Քորոնաժահրի վարակի արտակարգ դրութեան սահմանափակումներով պայմանաւորուած՝ կենդանաբանական այգի այցելուներու մուտքը կը թոյլատրուի բացառապէս անհատական պաշտպանութեան միջոցներով՝ դիմակով եւ ձեռնոցներով։ Մուտքի մօտ դրուած է ձեռքերու ախտահանիչներ, իսկ տարածք մուտքի ընթացքին կ՚իրականացուի նաեւ ջերմաչափումը։

Անվտանգութեան նկատառումներով՝ այգիի ներքին բաժիններուն մէջ կան սահմանափակումներ։ 

Հայաստանի կառավարութիւնը մայիսի 14-ին որոշում կայացուցած է երկրի մէջ մարտի 16-ին յայտարարուած եւ մինչեւ մայիսի 14-ը երկարաձգուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը մայիսի 14-էն՝ երկարաձգել եւս երեսուն օրով՝ մինչեւ յունիսի 13-ը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020