ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՄԻՇՏ ՄՏԱՀՈԳԻՉ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երէկ հրապարակուած վիճակագրական վերջին տուեալները եկան ապացուցանել, որ Թուրքիոյ պարագային վարակի ծաւալման թափը միշտ կը մնայ մտահոգիչ համեմատութեան վրայ։ Ըստ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճայի կողմէ հրապարակուած տուեալներուն, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 46 հազար 800 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1467 նոր վարակեալ։ Երէկ եւս 18 հիւանդ զոհ գնաց համավարակի։ Նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 1015։

Նոր վարակեալներու քանակութեան 1500-ի շուրջ ըլլալը ընդհանուր առմամբ կը համարուի մտահոգիչ։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ նոր վարակեալներու թիւը վերջին տուեալներով հազարի շեմը գերազանցած է եւ այս համայնապատկերին վրայ կարգ մը շրջաններու եւ խմբային վերաբերմունքի ազդեցութիւնը նկատելի է։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը շարունակեն խորհուրդ տալ, որպէսզի երկրի քաղաքացիները զգուշութեամբ հետեւին ցուցմունքներուն։ Այժմ օրակարգի վրայ է ուրիշ վարկած մը, որով կ՚ենթադրուի տուգանել բոլոր անոնք, որոնք առանց դիմակի փողոց դուրս կու գան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020