ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԻՄՆՈՒԱԾ Է…
1947 թուականին Իտալիոյ Ռեճճիօ Էմիլիա քաղաքին մէջ Աչիլ Մառամոտի, ոգեշնչուելով մօր կողմէ փոխանցուած դերձակութեան կիրքէն, սկսաւ զբաղիլ անհատական ընտրանիի հագուստներու ձեւագծումով։ Մառամոտի առաջիններէն էր, որ տեսաւ, թէ նորաձեւութեան ապագան պիտի դրուի ձեւագծումային որակի հագուստի զանգուածային արտադրութեան մէջ:
Յետագային՝ 1951 թուականին ան հիմնեց MaxMara նորաձեւութեան տունը։ Mara-ն յառաջացած է անոր մականունէն, իսկ Max-ը ան դրած է ի պատիւ կոմս Max-ի, որ յայտնի է որպէս ոչ-սթափ, բայց շատ նորաձեւ հագուող անձնաւորութիւն մը։ Մառամոտի սկսաւ բարձրորակ բաճկոններու շարքով՝ ոգեշնչուած ֆրանսական բարձր նորաձեւութեամբ:
Ան նաեւ կը փափաքէր ընդգծել MaxMara ապրանքանիշը անհատական ձեւագծողներու անուններէն առաջ, հակառակ անոր, որ իր մօտ կ՚աշխատէին Քարլ Լաճըրֆիլտը, Ժան-Շարլ տէ Քասթելպաճաքը, Նարցիսօ Ռոտրիկեզը, Անն Մարի Պերթթան եւ այլ յայտնի ձեւագէտներ:
Այսօր MaxMara-ն աշխարհի հռչակաւոր նորաձեւութեան տուներէն մէկն է, որ շքեղութեան, ոճի եւ որակի չափանիշ է: Վայելուչ կնոջ՝ բարդ եւ նուրբ կերպարով, բոլոր քմահաճոյքներուն համապատասխան եւ ժամանակակից կեանքին համահունչ նորաձեւութեան տունը։