ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐՁԱՆՈՒՏ
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը ծայրայեղութեան յորձանուտին մէջ է եւ ընդդիմադիր ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները եկած են քիչ մը աւելի խորացնել մտահոգիչ հեռանկարները։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովը որոշեց երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկել «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը, որու դէմ սկսած են քրէական հետապնդումներ։ Խորհրդարանի այս որոշումը հաւանական կը դարձնէ Գագիկ Ծառուկեանի ազատազրկումը։ Իրեն վերաբերեալ քուէարկութենէն առաջ ան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ խորհրդարանի ամպիոնէն։ Խօսքի եզրափակիչ փուլին մէջ ան տեղեկացուց, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) զինքը վերստին հարցաքննութեան հրաւիրած է։ Ուստի, Ծառուկեան խորհրդարանի ամպիոնէն իջնելէ վերջ դուրս եկաւ ժողովասրահէն եւ ուղղուեցաւ ԱԱԾ։ Երկար ժամեր շարունակուեցաւ իր հարցաքննութիւնը, մինչ փողոցներու մէջ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան։ ԱԱԾ-ի շէնքին դիմաց տեղի ունեցան հիմնական ցոյցերը։ Ոստիկանները ֆիզիքական միջամտութիւն կատարեցին նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն, որոնք կ՚աշխատէին այնտեղ։ Օրուայ աւարտին ԱԱԾ-էն դուրս գալու ժամանակ Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ իր դէմ յառաջ քշուած բոլոր մեղադրանքները շինծու են, սա սարքուած գործ մըն է, հիմնականին մէջ չկայ։ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս երէկ տեղի ունեցած քուէարկութեան մասնակցած իշխանական բոլոր երեսփոխանները հաւանութիւն տուին Գագիկ Ծառուկեանի երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկուելուն։ Ուշագրաւ էր, որ քուէարկութեան չմասնակցեցաւ իշխանական ճամբարի վառ ներկայացուցիչներէն մին՝ նախկին ազատամարտիկ երեսփոխան Սասուն Միքայէլեան։ Այժմ կը շարունակուի հետաքրքրական սպասումը՝ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ապագայ իրադարձութիւններուն շուրջ։
Միւս կողմէ, Ռուսական «Քոմերսանտ» թերթը կը շարունակէ ուշադրութիւն ցուցաբերել Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Ծառուկեանի անձեռնմխելիութեան ջնջուելուն կապակցութեամբ թերթը գրեց, որ հայկական յեղափոխութիւնը կուլ կու տայ իր դաշնակիցները։
The New York Times ամերիկեան հեղինակաւոր թերթն ալ անդրադարձաւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն։ «Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս քորոնաժահրէ ամենատուժած երկրին մէջ խորհրդարանը թոյլ տուած է կալանաւորել ընդդիմադիր առաջնորդը», գրած է The New York Times։
Գագիկ Ծառուկեան կը մեղադրուի 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ ընտրակաշառքներ բաժնելով եւ իր ձեռնարկութիւններուն միջոցաւ պետութեան հսկայական վնասներ հասցնելով։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ ընդդիմադիր շրջանակները կը շեշտեն, որ սա քաղաքական հետապնդում մըն է։ Մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ 2018 թուականի յեղափոխութեան ժամանակ Ծառուկեանի կուսակցութիւնը աջակցած էր Նիկոլ Փաշինեանին ու նոյնիսկ օգնած՝ անոր։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի կողմէ հաղորդուած վերջին լուրերուն, Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի հարցի քննութիւնը նախատեսուած է այսօր։ Այսպէս, Հայաստանի ժամով՝ 19.00-ին Շէնգաւիթի ատեանէն ներս տեղի կ՚ունենայ դատական նիստ մը, որով կը վճռուի խնդիրը։