Հինգշաբթի 26, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱԿՈՒՄ՝ ԱՌՑԱՆՑ ՎԱՃԱՌՔԻ
Zara նորաձեւութեան տունը եւս տուժեց քորոնաժահրի համաճարակէն ու որոշում առնելով փակեց աշխարհի փոքրաքանակ վաճառում ընող շուրջ հազար խանութներ: Յունիսի 12-ին ընկերութիւնը յայտարարեց, որ 1000-1200 խանութ կը փակուի ու միջոցները կ՚ուղղուին առցանց վաճառքի ռազմավարութեան: Տակաւին յստակ յայտնի չէ, թէ Zara-ի ո՛ր երկիրներու խանութները կը փակուին։ Ընկերութիւնը կ՚աւելցնէ առցանց յաճախորդներու սպասարկման խումբերը։ Առցանց վաճառքի համար կը նախատեսուի յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին ներդնել 1 միլիառ տոլար, ինչպէս նաեւ եւս 1.7 միլիառ տոլար՝ խանութներու արդիականացման ու զանոնք առաջատար փորձագիտական լուծումներով յագեցնելու համար։
Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020