ՁՄԵՐՈՒԿ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ…
Բժիշկ Դաւիթ Տօնոյեան անդրադարձած է քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ ձմերուկի եղանակի վտանգներուն։
«Եկաւ ձմերուկի եղանակը, որ այս պայմաններու տակ կրնայ վտանգ սպառնալ։ Իսկ ի՞նչ է պատճառը այս վտանգին։ Մենք՝ հայերս սովորութիւն ունինք ձմերուկ գնելու ժամանակ պտուղին զարնել, զայն հարուածելով մեր ականջին մօտ տանիլ, իրապէս հաւատալով, որ այդ ձեւով կարելի է հասկնալ, թէ ան լաւ է կամ վատ։ Սակայն համաճարակի պայմաններուն ներքեւ այս ձեւը կրնայ հանդիսանալ վարակի տարածման յաւելեալ պատճառ», ըսաւ բժիշկը։
Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել այս մասին, բժիշկ Տօնոյեան կու տայ հետեւեալ խորհուրդները.
- Ձմերուկը ընտրելու ժամանակ ձեռնոց կրել եւ զայն անմիջապէս աղբաման թափել,
- Ախտահանել ձեռքերը,
- Նախքան ձմերուկը կտրելը՝ լաւ մը լուալ անոր արտաքին մակերեսը։