ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ-ՏԱՉԻՉ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սերպիոյ առաջին փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ ընկերատնտեսական հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ։

Նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Սերպիոյ միջեւ հաստատուած բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան դրական թափին կապակցութեամբ։ Անոնք վերահաստատեցին փոխադարձ պատրաստակամութիւնը՝ համատեղ ջանքերով համագործակցութիւնը առաւել ընդլայնելու ուղղութեամբ՝ ներառեալ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններն ու հանդիպումները։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Մնացականեան բարձր գնահատեց Տաչիչի ներդրումը՝ Երեւան-Պելկրատ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւորուեցաւ Հայաստանէ ներս Սերպիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հիմնումը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020