ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՏԱՆ ՍՔՈՒԹԸՐՆԵՐԸ
Ֆրանսական Dior նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է սքութըրներու սահմանափակ քանակութեամբ նոր տեսակ մը՝ իտալական Vespa ապրանքանիշի հետ համագործակցութեամբ: Ստեղծման ոգեշնչումը Հռոմն է եւ «Հռոմէական արձակուրդներ» շարժանկարը, որուն մէջ Օտրի Հեփպըրնն ու Կրեկորի Փեքը կը վարէին նման սքութըր մը:
Ձեւաւորման վրայ աշխատած է կանանց հաւաքածոներու ստեղծագործական տնօրէն Մարիա Կրազիա Քիւրի:
«Ինծի համար Vespa-ն կը խորհրդանշէ իմ քաղաքը՝ Հռոմը։ Նման սքութըր կարելի է տեսնել «Հռոմէական արձակուրդներ» ժապաւէնին, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ փողոցներուն մէջ: Vespa-ի սքութըրները ժողովրդականութիւն կը վայելեն 20-րդ դարու վերջին կէսէն ի վեր։ Անոնց չափերը թոյլ կու տան ազատ տեղաշարժուիլ իտալական նեղ փողոցներով», ըսաւ Քիւրի։
Սքութըրի վրայ աշխատանքները սկսած էր քորոնաժահրի համավարակէն առաջ:
Բաց աստի, համաճարակով պայմանաւորուած ընկերային հեռաւորութեան պատճառով անհատական փոխադրման միջոցներու պահանջքն ալ կ՚աւելնայ: