ՍՊԱՆԻԱՆ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ

Եւրոպական երկիրները կը շարունակեն մեղմացնել քորոնաժահրով պայմանաւորուած սահմանափակումները: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, BBC-ն կը տեղեկացնէ, որ Անգլիան կը բանայ ոչ-պարէնային ապրանքներու խանութները, Ֆրանսան կը վերաբանայ սահմանները Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներու հետ, իսկ Սպանիան կ՚ընդունի առաջին զբօսաշրջիկները Գերմանիայէն: Կը նշուի, որ այս թուլացումները առայժմ փորձնական քայլ մըն է:

Փորձնական այդ քայլի շրջանակէն ներս Սպանիան Գերմանիայէն կ՚ընդունի 11 հազար զբօսաշրջիկ: Անոնք հիմնականին Սպանիա կը մեկնին երկշաբաթեայ հանգիստի նպատակով: Իշխանութիւնները նպատակ ունին ստուգել, թէ նոր կանոններն ու սահմանափակումները ինչպէս կ՚իւրացնեն զբօսաշրջային կազմակերպութիւնները: Այդ կանոններն ու սահմանափակումները ձեռք առնուած են քորոնաժահրի տարածումը կանխելու համար:

Սպանիան մտադիր է ամբողջութեամբ զբօսաշրջիկներու համար սահմանները բանալ յուլիսի 1-էն սկսեալ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020