ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ամբողջ աշխարհ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէր այս հանդիպման, որու ծիրէն ներս ծաւալուած քննարկումները տեւեցին շուրջ չորս ժամ։ Առաջին փուլին տեղի ունեցաւ նեղ կազմով քննարկում մը, որու ժամանակ նախագահներու կողքին էին պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։ Աւելի վերջ ընդլայնուած կազմով շարունակուեցան բանակցութիւնները։

Ժընեւի այս գագաթնային շփումէն վերջ հաղորդուեցաւ, որ յառաջիկայ շրջանին երկու երկիրներու՝ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի դեսպանները փոխադարձաբար պիտի վերադառնան իրենց առաքելութեան։ Պայտըն-Փութին գագաթաժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ նաեւ համատեղ յայտարարութիւն մը, որու մէջ շեշտը դրուած է նոյնիսկ լարուածութեան պայմաններու ներքեւ ռազմավարական ոլորտէ ներս կանխատեսելիութեան ապահովման վրայ։ Կողմերը վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը այն սկզբունքին նկատմամբ, թէ հիւլէական պատերազմի մը մէջ չեն կրնար ըլլալ յաղթականներ, ուստի այդ մէկը երբեք պէտք չէ սանձազերծուի։ Սպիտակ տան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախագահներու հանդիպումը անցած է առանց առճակատման։ Իսկ Քրեմլինի աղբիւրները շինիչ որակեցին հանդիպումը։

Պայտըն-Փութին հանդիպումէն առաջ պաշտօնապէս տեղեկացուած էր, որ օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ Գագաթաժողովին յաջորդած հրապարակումներուն մէջ առայժմ այս նիւթին ակնարկութիւն մը չկայ։ Ժընեւի մէջ Փութին երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Զուիցերիոյ նախագահ Կի Փարմելէնի հետ։ Նոյնպէս հաղորդուած էր, որ պիտի շօշափուէր Արցախի հիմնախնդիրը։

Երէկ հրապարակուեցաւ նաեւ՝ օր մը առաջ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ԵՄ-ԱՄՆ գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութիւնը։ Պայտընի եւ ԵՄ-ի ղեկավարութեան բանակցութիւններու ժամանակ ալ օրակարգի վրայ էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ մատնանշուեցաւ, որ Պրիւքսել եւ Ուաշինկթըն մտադիր են աշխատիլ Հարաւային Կովկասէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021