ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԵԱՆ»

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջերս այցելեց Արցախ։ Իր կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուները միացան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ հայրապետական ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Սիւնիք եւ Արցախ։ Նիւ Եորք վերադարձին Պերճ Սեդրակեան ՀԲԸՄ-ի անդամներուն եւ բարեկամներուն հետ բաժնեց իր տպաւորութիւնները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։ Ան ներկայացուց իր խոհերն ու նկատառումները, որոնց լոյսին տակ եզրայանգումներ ըրաւ, թէ յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն այդ վկայութիւնները ինչպէս կրնան օգտագործուիլ ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնը յառաջ տանելու նպատակով մշակուելիք ռազմավարութիւններու կամ որդեգրուելիք լուծումներու պարագային։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնը Պերճ Սեդրակեանին մասնակցութեամբ կազմակերպուած անպաշտօն հարց ու պատասխանի սղագրութիւնը հրապարակեց՝ մամլոյ հաղորդագրութեան մը ձեւաչափով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Կեդրոնական վարչութեան աղբիւրներուն կողմէ ներկայացուած այդ ուշագրաւ ու շահեկան խորհրդածութիւնները։

*

-Ի՞նչ նպատակ կը ձգտէիք իրականացնել պատերազմէն ետք ձեր այս առաջին այցելութեամբ։

-Անկեղծօրէն, փափաքս էր անձամբ արժեւորել պատերազմէն բխող իրադրութիւնը իր զանազան դրսեւորումներով: Վերջին հաշուով, բարդ եւ դառն իրականութիւն մը կը պարզուի Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին, եթէ ոչ ամբողջ աշխարհի հայութեան համար: Անձնապէս իրականութեան վերահասու դառնալը, տարբեր է հեռուէ-հեռու լուրերու եւ լաւատեղեակ աղբիւրներու միջոցաւ դէպքերու ընթացքին հետ քայլ պահելու ճիգէն:

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեանին հետ միասին, կ՚ուզէինք գլխաւորաբար մօտէն ծանօթանալ եւ գնահատել ժողովուրդին հոգեվիճակը: Ի վերջոյ, ժողովուրդն է, որուն կը ծառայէ ՀԲԸՄ-ը իր տարբեր կարելիութիւններով, ըլլան անոնք կրթական, մշակութային, մարդասիրական օժանդակութեան, կամ տնտեսական-հանրային զարգացման մարզերու մէջ: Մեր նպատակն էր հաղորդակցիլ կարելի եղածին չափ ժողովրդային լայն զանգուածին հետ, Հայաստանի թէ Արցախի մէջ: Կ՚ուզէինք անձամբ լսել Հայաստանի հարաւային շրջաններէն տեղահանուած ընտանիքներու վկայութիւնները, նաեւ անոնց, որոնք պարտադրուած էին լքել իրենց տուները եւ ապաստանիլ զինադադարի համաձայնութենէն ետք Արցախի ինքնավար մարզէն մնացած տարածքին վրայ: Մեր նպատակն էր նաեւ հանդիպիլ տեղւոյն հոգեւորական դասին հետ, տեսնելու համար Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէ եկեղեցիներուն եւ պատմական սրբավայրերուն հասցուած վնասներն ու անոնց սպառնացող վտանգները: Անկէ ետք էր միայն, որ մեզի համար կարելի պիտի ըլլար յստակատես ռազմավարութիւն մը մշակել եւ որոշումներ կայացնել, այս կէտէն անդին ՀԲԸՄ-ի կատարելիք դերին կապակցութեամբ, արժեւորելով նաեւ պատերազմի աղիտալի հետեւանքներուն ազդեցութիւնը մեր ներկայ ծրագիրներուն եւ յետագայ առաջնահերթութիւններու ճշդումին վրայ: Ասոնք էին մեր մտքին մէջ եղող հարցադրումները:

-Ի՞նչ էր ձեր ճամբորդական ծրագիրը։

-Բարեդէպ զուգադիպութեամբ մը, մեր այցելութիւնը կը համընկնէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յունիսի 3-6 թուականներու միջեւ ծրագրուած հայրապետական այցելութեան: Մեր երթուղին կ՚ընդգրկէր յանդուգն եւ հաւանական վտանգներով յղի ծրագիր մը, որ մեզ պիտի հասցնէր Սիւնիք, Արցախ (…), որոնք կը գտնուին ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ: Չորս օրերու ընթացքին կրցանք այցելել Սիւնիքի սահմանամերձ Շուռնուխ գիւղը, ուր հանդիպեցանք (…) իրենց տուներէն տեղահանուած ընտանիքներու հետ: Այցելեցինք նաեւ Գորիսի ժողովուրդին, մեր յարգանքի տուրքը մատուցելով շրջանի նահատակներուն, անոնց համար ստեղծուած նոր գերեզմաննոցին մէջ: Արցախի մէջ կարեւոր էր մեզի համար այցելել Ամարասի եւ Գանձասարի վանական կառոյցները: Բնականաբար շփուեցանք Արցախի ժողովուրդին հետ, նաեւ նոր իրադրութեան բերումով, յարաբերութիւն ունեցանք ռուս զինուորներու հետ, այցելելով տեղւոյն ռուսական ռազմակայանը: Ամբողջ ընթացքին, ուր որ ալ կը գտնուէինք, Ատրպէյճանի ուժերու ներկայութիւնը միշտ զգալի էր:

-Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք ընդհանուր կացութիւնը։

-Կրնամ ըսել պրկուած, շրջանի աշխարհաքաղաքական իրադրութեան եւ Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն բերումով: Կացութիւնը նաեւ բաւական ծանր է, երբ նկատի ունենաք երկրին վրայ ծանրացող անորոշութեան յամեցող մութ ալիքը եւ կեանքի բոլոր ոլորտներէ հայ մարդոց ապրած ցնցումը եւ խոր ցաւը:

Կացութիւնը անկայուն է, բազմաթիւ անորոշ տուեալներու եւ գործօններու առկայութեամբ: Ակներեւ է անշուշտ ղեկավար շրջանակներու մէջ տիրող խառնաշփոթութիւնը, որ աւելի եւս կը բարդանայ յունիսի 20-ի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն ընդառաջ, քաղաքական կուսակցութիւններու բաժանարար հռետորաբանութեան եւ անոնց արծարծած  հակամարտութեան մթնոլորտին պատճառով: Կրնաք անշուշտ յաւելել կատարուող սահմանային ոտնձգութիւնները Հայաստանի ինքնիշխան հողամասերուն մէջ, Ատրպէյճանի կողմէ տակաւին պահուող ռազմագերիներու խնդիրը եւ 5 հազար կեանքերու կորուստին պատճառած անսփոփելի սուգին ծանրութիւնը հանրութեան մօտ:

Կ՚այցելէք գերեզմաննոցները: Կը տեսնէք հայկական դրօշները, որոնք ովկիանոսի նման կը ծածանին հովին դիմաց: Ապա կը կարդաք գերեզմանաքարերուն վրայ արձանագրուած ծննդեան թուականները: Ծնած 1998-ին, 1999, 2001: Սրտի ճմլումով կ՚անդրադառնաք երկրէն յափշտակուած ներուժի տարողութեան: Փոքր երկրի մը համար 5 հազար սպաննուած եւ 12 հազար վիրաւոր, մեծ կորուստներ են: Արցախի առաջին պատերզմին աւելի մեծ թիւով զոհեր ունեցանք, սակայն այդ զոհաբերումը արդիւնաւորուեցաւ յաղթանակով եւ անոր ձեռքբերումներուն պատճառած հպարտութեան զգացումով: Սակայն այժմ կացութիւնը տարբեր է եւ տիրող զգացում կայ, թէ կարելի էր պատերազմը կանխարգիլել:

-Ի՞նչ կարելի է ընել ազգային ապաքինումի ուղղութեամբ։

-Երբ կը տեսնեմ քաղաքական տարամերժութիւնը, թափանցիկութեան պակասը, շրջանառութեան մէջ դրուած բազմապիսի ենթադրութիւնները եւ իրականութեան նկատմամբ տիրող թերահաւատութիւնը, կառավարական սնանկ կառոյցներու նկատմամբ քանդուած վստահութիւնը, կը խորհիմ, որ Եկեղեցին, կրկին անգամ, կը հանդիսանայ գլխաւոր խարիսխը եւ կռուանը: Երբ մարդիկ վշտահար են, անոնք աւելի կը մօտենան Աստուծոյ: Հոգեւոր գետնի վրայ յարաբերելու կարիքը խորապէս զգալի էր մեր բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին: Վեհափառին եւ իր շքախումբին ներկայութիւնը բնական եւ անկեղծ յուզականութեամբ կ՚ընկալուէր տեղական բոլոր համայնքներուն կողմէ, ինչ որ կը հաստատէր Հայ Եկեղեցւոյ պատմականօրէն փաստուած այժմէութիւնը ժողովուրդի կեանքէն ներս, տագնապներու եւ արտակարգ իրադրութեանց պահերուն:

-Ի՞նչ կը խորհիք քաղաքական կացութեան մասին՝ ընտրութիւններու նախօրէին։

-Ակնյայտ է, որ երբ երկու արտաքին գործոց նախարարներ կը հրաժարին շուրջ մէկ տարուան ընթացքին, անապահովութեան զգացումը կրնայ միայն սաստկանալ: Դժբախտաբար ընտրազանգուածը շատ դժուար ընտրութեան մը պարտադրանքին տակ կը գտնուի: Պիտի ակնկալէինք, որ կառավարման փորձառութեամբ բնորոշուող թարմ եւ յանդուգն դէմքեր ի յայտ եկած ըլլային արդէն իսկ: Այս ներքին խոր տարակարծութիւնները համազօր են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի նման երկիրներու մէջ: Սակայն Հայաստան չունի այդ անկայունութիւնը հակակշռող համապատասխան կառավարական կառոյցները: Անկախ այն բանէն, թէ այսօր ներկայացող թեկնածուներէն ո՞ր մէկը գերակշռող կը հանդիսանայ, հակառակորդ ուժերը պիտի շարունակեն արգելք հանդիսանալ յառաջընթացին: Խնդիրը այն է, որ արդիւնաւոր կառավարութիւն մը իրականացնելու համար մեր ունեցած առիթը շատ կարճ է, նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնը մեր սահմաններուն վրայ եւ Արցախի մէջ: Մենք պէտք է աւելի լաւ պատրաստուած ըլլանք դիմագրաւելու համար յառաջիկայ զարգացումները:

-Թեկնածուներէն ոեւէ մէկը դիմա՞ծ է ձեզի ձեր հաւանութիւնը ապահովելու համար։

-Ես դիտաւորեալ կերպով խուսափած եմ բացայայտ կամ ոչ-բացայայտ որեւէ յարաբերութիւն մշակելէ ներկայիս քաղաքական դերակատարութիւն ունեցող անձերուն հետ: Ո՛չ թէ մտահոգ չեմ քաղաքական իրադրութեամբ, որ անպայմանօրէն իր ազդեցութիւնը ունի այն անձանց կեանքերուն վրայ, որոնց մենք կը ծառայենք, այլ՝ որովհետեւ ՀԲԸՄ-ը միշտ նախանձախնդիր է իր առաքելութիւնը զատորոշելու եւ զերծ մնալու տիրող քաղաքական ամէն բնոյթի նկրտումներէ: Որպէս ազգային կառոյց, ՀԲԸՄ-ը յաջողած է իր գործունէութիւնը իրականացնել աշխարհի տարածքին եւ քաղաքական տարբեր համակարգերու պայմաններուն տակ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ճիշդ այս օրերուն, մեր կազմակերպութիւնը, կրնայ համերաշխութեան սատարող ուժ մը հանդիսանալ, որովհետեւ մեր գործունէութիւնը եւ ծրագիրները յատկապէս միտուած են համախմբելու բարիկամեցողութիւն ունեցող անձինք:

Բայց եւ այնպէս, պէտք է ընդունիմ, որ կեցութեանս ընթացքին, իմ մտահոգութիւններս յայտնեցի Հայաստանի մէջ գործող օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն:

-Կրնա՞ք պարզել, թէ ինչի կը վերաբերէին քաղաքական ձեր այդ հանդիպումները։

-Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ իմ հանդիպումներէն զատ, ես առիթը ունեցայ հանդիպելու Հայաստան-Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութեան առընչուող Մինսքեան խմբակի երկիրներու դեսպաններուն հետ: Բնականաբար շատ բան չէին կրնար ըսել անոնք, բայց եւ այնպէս, արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնները: Մղուեցայ հակադարձելու անոնց, խօսելով ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած համայնքին անունով, արտայայտելու համար մեր հաւաքական յուսախաբութիւնը եւ մեզի դաշնակիցներ նկատուող այդ գլխաւոր ուժերուն կողմէ լքուած ըլլալու զգացումը: Մատնանշեցի, որ անոնք լուռ մնացած էին, կամ երկդիմի յայտարարութիւններով հանդէս եկած էին, առանձին ձգելով Հայաստանը, ի բաց առեալ զինադադարի կարգադրութեան մէջ Ռուսաստանի ունեցած դերակատարութենէն:

Ի վերջոյ, ռուսերը պիտի պաշտպանեն հայերը, այնքան ատեն որ ատիկա միեւնոյն ժամանակ կը ծառայէ իրենց շահերուն: Ներկայիս, հայկական եւ ռուսական շահերը կը համընկնին, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը, իր մտահոգութիւններէն մղուած, չեն փափաքիր, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կարենան հակակշռող դեր ունենալ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ:

-Ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները, երբ հասաք Սիւնիք եւ Արցախ։

-Հոս է որ պատերազմին հետեւանքները խորապէս ակնյայտ են: Պէտք էր, որ անցնէինք Լաչինի հին միջանցքէն եւ Ատրպէյճանի հողամասերէ, որովհետեւ այլեւս կարելի չէ օգտագործել Քարվաճառէն անցնող նոր ճամբան, որ 2017-ին ամբողջացած էր, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ տրամադրուած միջոցներով եւ սփիւռքահայութեան մասնակցութեամբ: Այս տարածքները այժմ անցած են Ատրպէյճանին: Մեր ուղեւորութեան ընթացքին, երկու ուղղութեամբ, անհրաժեշտ էր, որ մեզի ընկերակցէին ռուսական զօրքի միաւորներ: Շուռնուխ գիւղին մէջ կային 13 տուներ, ուր հայ ընտանիքներ կ՚ապրէին: Ազէրիները գիւղացիներուն ըսած էին՝ «Դուրս ելէք: Մենք հոս ենք»։ Ընկճուածութեան խոր զգացում մը կը տիրէ, որովհետեւ ազէրիներ որեւէ ատեն կրնան գալ եւ հայերը պիտի չհամարձակին դիմադրել: Այսպէս, այդ 13 ընտանիքները պէտք է անցնէին ճամբան եւ փողոցին միւս կողմը, ապաստանէին հայ գիւղացիներու մօտ: Մենք խոստացանք անմիջապէս օգնել տուներու վերաշինութեան, որպէսզի անոնք պատրաստ ըլլան յառաջիկայ ձմրան համար:

-Իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախի մէջ գտնուող եկեղեցիներուն, պաշտպանուա՞ծ են անոնք։

-Դէպի Ամարաս մեր ճամբուն վրայ, տեսարանը ճնշող էր, որովհետեւ Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած Շուշի քաղաքը կանգնած էր վերը, բլուրին վրայ: Շքախումբը փափաքեցաւ այցելել Դադիվանք, բայց ռուսերը ըսին՝ «Կը ցաւինք որ կարելի չէ կարգադրել այդ»։ Ըստ երեւոյթին, երեք հայ հոգեւորականներ ձգած էին վանքը իրենց ընտանիքներուն այցելելու համար, հաստատ վերադառնալու մտադրութեամբ: Այժմ ազէրիները չեն արտօներ անոնց վերադարձը, միայն երկու հոգեւորականներ եւ սարկաւագ մը ձգելով վանքին մէջ: Արցախէն վերադարձի մեր ճամբուն վրայ, վանքին մէջ մնացած հոգեւորականը հեռաձայնեց Վեհափառին ըսելով՝ «Այսօր ամենագեղեցիկ պատարագը մատուցեցի, սակայն հաւատացեալներ ներկայ չէին, որովհետեւ ռուս զինուորները շրջապատած էին վանքը, զայն ազէրիներէն պաշտպանելու համար»։ Եթէ անոնք չպաշտպանեն դարաւոր հնութիւն ունեցող վանքը, ազէրիներ վստահաբար պիտի մտնեն եւ գրաւեն զայն:

-Այս տեսարանները խորապէս մտահոգիչ են: Ի՞նչ պէտք է ըլլան մեր յետագայ քայլերը։

-Իբր իրատես անձ, պէտք է հաստատեմ, որ մենք՝ հայերս առանձին ենք այս ճակատագրական հան-գըրւանին: Ատենն է, որ մենք մեզի վերյիշեցնենք մեր կազմակերպութեան պատմութիւնը: Մենք նման կացութիւններու ականատեսը եղած ենք նախապէս, երբ ամէն ինչ կորսուած կը թուէր ըլլալ: Սակայն հայութիւնը բնաւ չէ կորսնցուցած փայլուն ապագայի իր տեսիլքը, յատկապէս նոր սերունդները: Անցեալին, տասնամեակներու ընթացքին, ՀԲԸՄ-ը իր կարգին, միշտ հետեւողականօրէն իր ճիգերը կեդրոնացուցած է հայերու կեանքի բարելաւումին ուղղութեամբ, անկախ թէ որու հեղինակութեան տակ գտնուած են անոնք:

Անոնք, որոնք Արցախի մէջ են, ամենէն աւելի խոցելի են, դիմակալելով իրենց հայկական ինքնութիւնը եւ պատմութիւնը բնաջնջելու սպառնալիքները: Սակայն ՀԲԸՄ-ը, ինչպէս ուրիշներ, ունի գործիքակազմը եւ փորձառութիւնը, օգնելու անոնց, պահպանելու իրենց հայկական ինքնութիւնը, լեզուի, կրօնի, աւանդութիւններու եւ պատմութեան վերաբերեալ եւ համաշխարհային հայ համայնքի պատկանելութեան գիտակցութենէն բխող հպարտութեան զգացումով: Մենք իրագործած ենք այդ սփիւռքի տարածքին, երկիրներու մէջ, որոնք մեզ հիւրընկալած են որպէս փոքրամասնութիւններ եւ գնահատած են մեր մշակոյթը, նաեւ հոն ուր մեզի հանդէպ վերաբերուած են վերապահութեամբ: Այս ուղղութեամբ աշխատանքի կրնանք սկսիլ անյապաղ, նախքան որ արդէն ուշ ըլլայ, ինչպէս ըրած էինք 1915-ի Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք:

Պէտք է ծրագրենք նախատեսելով ամէն տեսակի հաւանական զարգացումներ, ձեռներէցութեամբ եւ ռազմավարական մօտեցումներով, անցեալէն դասեր քաղելով եւ նորարար գործելակերպով, որպէսզի կարելի ըլլայ ներգրաւել երիտասարդութիւնը: Գոյատեւումի հայկական ոգին կարելի պիտի ըլլայ վերարծարծել, այնպիսի նախաձեռնութիւններով միայն, որոնք կեանքեր կը վերականգնեն եւ մարդիկ յառաջ կը մղեն: Այդ բոցը ներկայիս տկար է, սակայն բնաւ չէ հանգած: Անոր համար է, որ նոյնիսկ իբր իրատես անձ, ես յուսալի եմ ապագայի նկատմամբ: Մենք պէտք ունինք դիւանագիտական կարողութիւններու, եւ ղեկավարութեան մօտ՝ քաղաքական հասունութեան: Անհրաժեշտ են առաջնորդներ, որոնք ունին իմաստութիւն, փորձառութիւն եւ կարող են ունենալ տեսլական՝ ապագային, երկրին եւ այդպիսով ազգին համար:

-Ի՞նչ է կացութիւնը ՀԲԸՄ-ի այն ծրագիրներուն, որոնք նախքան պատերազմը, մեծ աշխուժութեամբ եւ յաջողութեամբ կ՚իրագործուէին Արցախի մէջ։

-Վազգէն Եագուպեան եւ ես, հանդիպեցանք Արցախի մէջ ՀԲԸՄ-ի ծրագիրներուն մասնակցած շահառուներու հետ: Մենք՝ երկուքս խորապէս տպաւորուեցանք մասնակիցներուն յարատեւելու եւ բարեկեցութեան հասնելու հաստատակամութեամբ: Հանդիպեցանք ՀԲԸՄ-ի Կին ձեռներէցներ ծրագրի մասնակիցներուն հետ, որուն նպատակն է օժանդակել կանանց, որպէսզի տնտեսական անկախութիւն ձեռք ձգեն: Մասնակիցներէն մին, արդէն սկսած է արտադրութեան բարձրորակ թէյի, որ իր որակով կը մրցի եւրոպական արտադրութիւններու հետ: Ուրիշ կին մը սկսած է գեղագիտական արտադրութիւններու ձեռնարկի մը, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է նոյնիսկ համավարակի պայմաններուն տակ: Ուրիշ կին մը տեղեկացուց, թէ ձեռնարկած է հոգեբանական աջակցութեան եւ բարելաւման ընկերային կեդրոնի մը ծրագրին, որպէսզի ընտանիքներ կարենան իրարու մօտ գալ այս ծանր օրերուն: Համայնքի այս անդամներուն մօտ համերաշխութեան չափազանց բարձր ոգի կը տիրէ:

Հանդիպեցանք նաեւ աշխատանքային որոշ մարզերու, ինչպէս զբօսաշրջութեան եւ հանրային կառավարման, աշխատունակութեան բարձրացումին ուղղութեամբ, երիտասարդներու եւ տարեցներու համար ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնած անգլերէն լեզուի եւ այլ կարողութիւններու զարգացման ծրագիրներու մասնակիցներուն հետ (AGBU LEAP - Learn to Earn Artsakh Program - Սովորիր եւ վաստակիր ծրագիր): Հակառակ այն իրողութեան, որ իրենց կեանքերը գլխիվայր դարձած են, անոնք կը շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ յառաջընթացը, այս յունիսին իրենց շրջանաւարտութիւնը ծրագրելով: «ԹՈՒՄՕ X ՀԲԸՄ» Արցախի կեդրոնը նոյնպէս վերաբացած է իր դռները եւ պատանիները կը զարմացնեն մեզ իրենց ստեղծարար ծրագիրներով եւ հնարչական իրագործումներով: Յաւելեալ այս բոլորին, մենք յանձն առած ենք իրագործել բազմակի օգնութեան եւ վերաշինութեան ծրագիրներ շրջանին համար: Էջմիածինի հովանաւորութեամբ, մենք նաեւ խոստացած ենք գանձատրել Հադրութէն տեղահանուած ընտանիքներու մանուկներուն համար մանկապարտէզի մը շինութիւնը Ստեփանակերտի մէջ: Որոշած ենք նաեւ մշակել աջակցութեան յատուկ ծրագիր մը շրջանի հոգեւորականներուն համար, որոնց դերը կենսական է:

-Ի՞նչ են ձեր եզրափակիչ մտածումները։

-Ես անդրադարձայ, թէ 1990-ականներուն, Հայաստանի ազգային ինքնութիւնը վերասահմանուած էր Ատրպէյճանի պարտութեամբ եւ հայկական պատմական տարածքներու ազատագրումով: Այսօր պէտք չէ, որ ժողովուրդը երթայ միւս ծայրայեղութեան, ինքզինք սահմանելով պարտութեամբ: Որովհետեւ այդպիսով անոնք իրենք զիրենք կը ձերբազատեն իրենց պատասխանատուութիւններէն որպէս անհատներ եւ որպէս ազգ: ՀԲԸՄ-ը իր աջակցութիւնը պիտի ընձեռէ, աննկուն ոգիի կռումին, գործունէութիւններու միջոցաւ, որոնք կը սատարեն ինքնութեան կազմաւորումին եւ հայ մշակոյթի պանծացումին, արհեստավարժական ձիրքերու մշակումով մղում տալով բարեկեցութեան, միաժամանակ, գործունէութիւններու ընդմէջէն, միասնութեան եւ համերաշխութեան պատգամներ յղելով բոլորին:

-Աշխարհի տարածքին հայեր ի՞նչ կրնան ընել օգնելու համար այս բոլորի իրագործումին։

-Բոլոր անոնք, որոնք կը բաժնեն յառաջ ընթանալու մեր հաստատակամութիւնը, ի հեճուկս ամէն տեսակի խոչընդոտներու, կենսական են մեզի համար: Կարիքը ունինք խորհրդատուներու, փորձագէտներու, գործընկերներու, ճարտարագիտական մարզի մասնագէտներու, ներշնչական գաղափարներու՝ տաղանդաւոր եւ կարող անձերու կողմէ, երկրէն ներս թէ դուրս: Կը խնդրենք անոնցմէ, որոնք կարող են, աւելի առատաձեռնօրէն նուիրաբերել նոյնիսկ եթէ ներդրումային վտանգները շատ աւելի շեշտակի են ներկայիս քան անցեալին: Մենք ունինք անհրաժեշտ փորձառութիւնը, տեղական եւ համաշխարհային ցանցերը, միջազգային գործընկերութիւնները, վերափոխելու համար կեանքեր: Երբ հասարակաց գետին գտնենք կառավարութեան հետ, մենք պատրաստ ենք փոխգործակցութեան: Բայց շտապ կարիքը շատ մեծ է եւ իրական, սպասելու համար, որ քաղաքականութիւնը հասնի համընթաց ընթանալու մեր դիմաց գտնուող առաջնահերթութիւններուն հետ:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021