ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ ՍՏՈՐԱՑՆՈՂՆԵՐԸ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը, Երեւանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Լաւրովի համաձայն, այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ՝ կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն:

«Եւ մենք ունինք գիտակցումը, որ սահմանազատման հարցով արդէն սկսող առարկայական աշխատանքի շրջանակին մէջ այս հարցերը պիտի քննարկուին ու անպայման պիտի լուծուին», ըսած էր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Փառուխի մասին խօսելով՝ Լաւրով նախ խնդիրը ուղղակի առընչած է սահմանազատման հոլովոյթին հետ եւ հաստատած, որ այդ առիթով պիտի կարգաւորուին նման հարցերը. այսինքն՝ արցախապատկան այն տարածքները, որոնք կը վերահսկուին ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Այս հաստատումէն այլ մեկնաբանութիւն ակնկալելը դժուար է: Սահմանազատումը այս յայտարարութեամբ կ՚ընկալուի Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Իսկ Փառուխի նման հարցերը, որոնք պիտի քննարկուին եւ պիտի լուծուին, այս պարագային կ՚ենթադրէ առնուազն նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի (Սովետական շրջան) տարածքներու, շեշտակիօրէն՝ Հադրութի եւ Շուշիի կարգավիճակներուն ճակատագիրը:

Սահմանազատումը այս յայտարարութեամբ յստակօրէն կը կապուի Արցախի Հանրապետութիւն-Ատրպէյճան սահմանին: Ասիկա կը հիմնաւորուի ո՛չ միայն Փառուխի արցախապատկանելիութեամբ, այլ նաեւ ռուս խաղաղապահ զօրքերուն յղում կատարելու հանգամանքով: Լաւրով կը նշէ, որ Փառուխի կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Իսկ ռուս խաղաղապահութիւնը կը հսկէ Արցախ-Ատրպէյճան շփման գիծերուն վրայ:

Պաքուն փաստօրէն սխալ չէր ըմբռնած Լաւրովի գծած սահմանազատման աշխարհագրութիւնը: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր Լաւրովի յայտարարութեան եւ յայտնած. «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած սահմանազատման յանձնախումբերու գործունէութիւնը, ինչպէս նախապէս նախատեսուած էր, կը հետապնդէ երկու երկիրներու պետական սահմանի սահմանազատման նպատակ: Այս հոլովոյթի ծիրին մէջ չի նախատեսուիր քննարկել ատրպէյճանական-հայկական պետական սահմանէն դուրս որեւէ հարց, ներառեալ Ատրպէյճանի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներուն առընչուած»:

Պարզ էր Մոսկուային ուղղուած ատրպէյճանական ուղերձը: Պաքուն կը ճշդէր, սահմանազատումը բացառապէս կը վերաբերի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին: Արցախի Հանրապետութիւնը Պաքուի այս յայտարարութեան մէջ կը նշուի իբրեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն դուրս «Ատրպէյճանի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներ…»: Ուրեմն Պաքուի կողմէ յստակացում սահմանազատման գօտիի աշխարհագրութիւն եւ ուղղակի սլաք Մոսկուային՝ յիշեցնելու անոր խաղաղապահ առաքելութեան ժամանակաւոր բնոյթը:

Պաշտօնական Մոսկուայի հրապարակած գրաւոր բաժինը վերաշարադրուած է… «Յոյս ունինք, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի գործարկումը պիտի նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման ու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ պիտի չարտօնէ Փառուխի տիպի միջադէպեր»:

Էական տարբերութիւն կայ Լաւրովի բերանացի յայտարարութեան եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած սղագրութեան միջեւ: Յետադարձը պարզ է: Սահմանազատման գօտին վերադարձած է Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահման, եւ շեշտուած այդ գործընթացի բարենպաստ ազդեցութիւնը՝ Փառուխի եւ նմանատիպ միջադէպեր կանխարգիլելու համար:

Մոսկուան ուղերձ փոխանցած է: Պաքուն հակադարձած է: Մոսկուան վերանայած՝ իր ուղերձը: Բացական՝ Երեւանն է:

Կան անշուշտ առընչակից գլխաւոր ուժեր, որոնք զուգահեռ կ՚ողջունեն, կը յայտարարեն իրենց խորհրդատուական, գործնական աջակցութիւնները սահմանազատման, սահմանագծման, սահմաններու բացման եւ խաղաղութեան հաստատման ծրագիրներուն՝ Միացեալ Նահանգներէն Եւրոպա, մինչեւ Թուրքիա:

Թէկուզ վերաշարադրուած, այդուհանդերձ սկզբնական յայտարարութիւնը յուշում է տարանջատելու Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման գործընթացը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացէն: Իսկ այստեղ պարզ է տրամաբանութիւնը: Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը սկիզբ է խաղաղութեան պայմանագիրին: Առանց հակամարտութեան լուծման կարելի չէ անցնիլ ընդհանուր մեծ օրակարգին: Իսկ կարգաւորումը նախ սահմանազատումն է Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Առանց հակամարտութեան կարգաւորման կարելի չէ անցնիլ խաղաղութեան ծրագիրի ենթակէտին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման: Թէկուզ վերաշարադրուած, այնուամենայնիւ ռուս դիւանագէտին կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուածը այդ մասին կը յուշէ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2022